«Ասպարէզ».- Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին վրայ յարձակումէն նուազ քան երկու ամիս եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին հրկիզումէն նուազ քան շաբաթ մը ետք, դպրոցը դարձեալ յարձակումի թիրախ դարձաւ։

Ըստ դպրոցին շրջակայքը աւելի յաճախ հսկող քաղաքի ոստիկանութեան տուեալներուն՝ Շաբաթ օր անյայտ զինեալ մը կրակած է դպրոցին ուղղութեամբ եւ վնասած ցուցանակը: Ոստիկանները անմիջապէս որոնողական աշխատանքներ կատարած են, սակայն  կասկածեալներ չեն յայտնաբերուած: Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ քայլեր կ՛առնուին համայնքին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը յարձակման ենթարկուած էր․ պատերուն վրայ սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ գրուած էին եւ պատկերուած էր Ատրպէյճանի դրօշակը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Հայկ Պաղտասարեան կը յայտնէ, թէ կան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց համայնքի որոշ անդամներ եւ հաստատութիւններ եւս սպառնալիքներ ստացած են անյայտ աղբիւրներէ, զգօն մնալու կոչ ընելով համայնքին։ Ան շեշտեց, թէ որեւէ կասկածելի տեղեկութիւնըպէտք է փոխանցել իրաւապահ մարմիններուն։

«Էֆ.Պի.Այ.»ը եւս այս յարձակումներուն գծով կապ հաստատած է տեղական ոստիկանութեան հետ եւ ի հարկին, կրնայ մասնակցիլ հետախուզութեան։

Նշենք, որ  Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան եւս  դատապարտեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձերու կողմէ  յառաջացուցած հրդեհը։