22 Սեպտեմբերին Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում  ունեցած են ՌԴ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպիրքինի հետ:

Հանդիպումի  ընթացքին միտքեր փոխանակուած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծաւալուող գործընթացներուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան, Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ այլ հարցերու մասին:

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ