«Ազատ Օր».-ՀՅԴ Յունաստանի Պատանեկան Միութեան, 2020-2021 տարեշրջանի առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 19 Սեպտեմբերին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» եւ Գոքինիօ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։
Այս տարի տարբեր պայմաններու տակ պիտի աշխատինք համաճարակին պատճառով, պարտաւոր ենք հետեւիլ պետութեան կողմէ յայտարարուած առողջապահական կանոններուն։ Վարիչ մարմինը պատանիներուն բաժնեց դիմակներ, որոնց վրայ մեր միութեան նշանը տպուած է։ Պատանիները այս դիմակները պիտի գործածեն ժողովներուն ընթացքին։
Գնահատելի էր մեր պատանիներու մեծ թիւով ներկայութիւնը երկու ակումբներէն ներս, յայտնի էր, որ կարօտցած էին միութենական աշխատանքներուն։ Վարիչները կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեր աշխատանքներու գծով. ուրախալի էր նորագիրներու ներկայութիւնը։
Կը մաղթենք որ այս տարի եւս յաջող եւ ապահով տարեշրջան մը կը բոլորենք։