Սուրիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբերին շարունակեց Համմուտա Սապպաղի գլխաւորութեամբ սկսած իր երրորդ նստաշրջանի անդրանիկ նիստը, որպէսզի քննարկէ նախարարական հաղորդագրութիւնը, ներկայութեամբ վարչապետ Հուսէյն Արնուսի եւ կարգ մը նախարարներու։

Սուրիոյ վարչապետը պատասխանելով խորհրդարանի կարգ մը անդամներուն հարցադրումներուն ըսաւ, որ կառավարութիւնը իր առաջին հաղորդագրութիւնը պատրաստեց թափանցիկ կերպով, առանց անջատուելու իրականութենէն կամ անտեսելու Սուրիոյ քաղաքացիին կրած դժուարութիւնները։ Հաղորդագրութիւնը, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ քաղաքացիին տնտեսական, կենցաղային դժուարութիւններն ու անոնց լուծման միջոցները,  պատրաստուած է ներկայ իրավիճակը քննական ակնոցով դիտելու մօտեցումով, ինչպէս նաեւ սերտելով մարդկային եւ նիւթական պաշարներու կարողութիւնները, բնականաբար նկատի ունենալով նաեւ նախորդ շրջանին իրագործուած կամ այդ շրջանէն իրագործելի մնացած ծրագիրները։

Արնուս պարզեց, որ հաղորդագրութիւնը հիմնական եօթը կէտերու վրայ կեդրոնացած է․ առաջինը՝ ժողովուրդին ազգային դիմադրողականութեան եւ ընդհ․ ապահովութեան ամրագրումն է, երկրորդը՝ քաղաքացիին կենսամակարդակի  բարելաւումը, երրորդը՝ սննդամթերքի ապահովումն ու գիներու հաւասարակշռութեան պահպանումը, չորրորդը՝ վառելանիւթի, կազի եւ ելեկտրականութեան ապահովումը,  հինգերորդը՝ ըմպելի ջուրի հարցերու լուծումը, վեցերորդը դեղորայքի ապահովումն է, իսկ վերջինը՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախազգուշացման պայմաններու բարելաւումը։