«Երկիր».- Նոպելեան հիմնադրամի ղեկավար Լարս Հէյքենստըն յայտնած է, որ Նոպելեան մրցանակներու գումարը 2020 թուականին կ’աւելնայ` ընդհանուր առումով, պիտի հասնի մինչեւ 10 միլիոն շուէտական քրօնի (մօտաւոր 1 միլիոն տոլար):

Ան յատկապէս ըսած է. «Այս տարի յատկապէս կարեւոր է գնահատել եւ աջակցիլ այն դափնեկիրներուն, որոնց ձեռքբերումները մեզ ոգեշնչած են եւ ապագայի յոյս տուած են»:

Աւելցնենք, որ քիմիագիտութեան, բնագիտութեան, գրականութեան եւ բժշկութեան ոլորտի մէջ Նոպելեան մրցանակակիրներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիրներուն անունները այս տարի պիտի հրապարակուին  5 Հոկտեմբերին:

Մրցանակներու յանձնումը տեղի կ’ունենայ 10 Դեկտեմբերին` մրցանակի հիմնադիր Ալֆրետ Նոպելի մահուան օրը: