Սպանիոյ  Ծերակոյտը 23 Սեպտեմբերին վաւերացուցած է ՀՀ-Եւրոմիութեան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

ՀՀ-ԵՄՀամապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելուն կողմ  քուէարկած է 243 խորհրդարանական, դէմ քուէարկողներ չեն եղած:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 24 Նոյեմբեր 2017-ին Պրիւքսէլի մէջ: