ՀՀ ԱԳՆ_ն իր յայտարարութեան մէջ յիշած է, որ այսօր առաւօտեան, շփման գիծի ողջ սահմանին ատրպէյճանական կողմը աշխուժ հերտակոծութիւն սկսած է՝ թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփնակաերտը։
«Խստագոյնս կը դատապարտենք Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան արարքը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ։ Հայկական կողմերը վստահօրէն պիտի գործեն իրենց ողջ կարողութեամբ՝ ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ տալու համարժէք քաղաքական եւ ռազմական պատասխան։ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը իր կողմէն սանձազերծուած արարքներու հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ», յայտնած են ԱԳՆ-էն: