Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը Արցախի շփման գիծի երկայնքով եւ խաղաղ բնակավայրերու վրայ։ Թուրքիան յայտարարած է իր անվերապահ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր համահայկական ամբողջ կարողականութիւնը դրած է Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու տրամադրութեան տակ՝ յատկապէս աջակցելով պաշտպանութեան բանակին եւ արտաքին ճակատի վրայ։

Պատերազմի ժամանակ թիկունքի ամրութիւնը պահելու համար կենսական է համահայկական ուժերու լարում, զգօնութիւն եւ երկրին մէջ կայունութեան պահպանում։
Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք յղի են ամբողջ տարածաշրջանը ապակայունացնելու վտանգներով։
Կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ՝ դադրեցնելու հակամարտութեան իր մասնակցութիւնը եւ գոնէ անգամուան մը համար տարածաշրջանին մէջ կառուցողական կեցուածք ցուցաբերելու։
Պատերազմական գործողութիւններու շարունակութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան։
Մենք կը ձեռնարկենք մեր հնարաւորութիւններուն համապատասխան անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն՝ դիմակայելու համար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական քաղաքականութեան։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
27 Սեպտեմբեր 2020