Ֆրանսա խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտութեան լայնածաւալ բախումներու եւ խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերու մասին հաղորդագրութիւննրերով․ «Կոչ կ’ուղղենք  անյապաղօրէն դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ վերսկսելու երխօսութիւնը», ըսուած է պաշտօնական Փարիզի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի կարծիքով, սա  անհրաժեշտ էր բայց ոչ բաւարար: Մուրատ Փափազեան ArmNews-ին տեղեկացուց, որ կապի մէջ են Ելիզէեան պալատին հետ: Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբերին պէտք է հանդիպին նախագահ Մաքրոնին: Փափազեան յայտնած է, որ բարձր կը գնահատէ հակամարտութեան ուղղուած Մինսքի խումբի համանախագահող երկրին ջանքերը, բայց նաեւ կը պահանջէ, որ Ֆրանսան փոխէ իր չէզոք դիրքորոշումը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին նկատմամբ: