ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ յարձակում Արցախի վրայ, կը նշանակէ յարձակում Հայաստանի վրայ:

Անոր համաձայն Հայաստանի մէջ եւս ռազմական դրութիւն յայտարարելու փաստը կը նշանակէ, որ հայկական երկու Հանրապետութիւնները անվտանգային նոյն համակարգին մէջ են:

Նման իրավիճակի մէջ, Ռուստամեանի պնդումով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հրատապօրէն երկու քայլի ձեռնարկեն: Հայաստանը Արցախի հետ պէտք է ռազամավարական դաշինք կնքէ եւ յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Երկրորդ` Հայաստանը իր դիւանագիտական բոլոր լծակները գործի դնելով պէտք է կարենայ հասնիլ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ գումարելուն, որուն ընթացքին կ’արձանագրուի Ատրպէյճանի արարքը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն նկատմամբ:

Ատրպէյճան յաճախ կը մատնանշէ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, բայց կ’անտեսէ անոնց կարեւոր ուղերձը` անյապաղօրէն դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները: