«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող, քեմալական «Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) խմբակցութեան ղեկավար Էնկին Օզքոչ Twitter-ի մէջ  գրառում  կատարած է  արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծին երկայքնով ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մասին:

Ընդդիմադիր գործիչը միացած է թրքական իշխանական շրջանակներու կողմէն անընդհատ հնչող ատրպէյճանամէտ յայտարարութիւններուն` յայտնելով որ «Իրենք եղբայրական Ատրպէյճանի կողքին են»: