«Երկիր».-ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ դատապարտած է Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած արարքը: Ատամ Շիֆ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է շտապ աշխատի ԵԱՀԿ ՄԽ միւս անդամներուն հետ` խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:

«Այս գիշերուան ընթացքին Ատրպէյճան անցած է Արցախի վրայ վերջին տարիներու ամենամեծ գրոհին, եւ ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, զգալի զոհեր եղած են: Միացեալ Նահանգները պէտք է շտապ աշխատի Մինսքի Խումբի միւս անդամներուն հետ խաղաղութիւնը վերականգնելու եւ հետագայ սրացումները կանխելու համար, այլապէս աւելի շատ կեանքեր պիտի վտանգուին: Ես ներկայացուցած  եմ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որ ԱՄՆ Հետախուզական մարմիններէն կը պահանջէ գնահատել, թէ ո՛վ նախաձեռնած է այս եւ այլ փոխհրաձգութիւններուն,եւ որ անհրաժեշտ քայլ է այլեւս Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան հրաւիրելը», յայտնած է Շիֆ: