«Երկիր».-Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճեյմս Ապաթուրայի յայտարարութիւնը.
«ՆԱԹՕ-ն խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ շփման գիծի երկայնքով լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու մասին հաղորդագրութիւններով:
Կողմերը պէտք է անյապաղօրէն դադրեցնեն ական գործողութիւնները, որոնք արդէն իսկ յանգեցուցած են քաղաքացիական զոհերու: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Կողմերը պէտք է վերսկսին բանակցութիւնները խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»:
ՆԱԹՕ-ն կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ջանքերուն: