Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, Ատրպէյճանը, զօրակցութեամբ Թուրքիոյ, լայնածաւալ պատերազմ սկսած է մեր հայրենի հողին՝ Արցախի սահմանագծի երկայնքով։

Թշնամիին հրետակոծութիւններուն հետեւանքով, ցաւօք, զոհեր ու վիրաւորներ ունինք: Հրետակոծուած են բազմաթիւ բնակավայրեր, աւերուած են դպրոցներ ու տուներ։ Ժողովուրդը՝ մայր ու մանուկ, ապաստանարաններուն մէջ զրկուած են արեւի լոյսէն։

Հայոց փառապանծ բանակը, իր բազուկի զօրութեամբ, երէկ հերոսական յաղթանակներ կը կնքէր Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտներուն ընթացքին, իսկ այսօր, իր իսկ ազատագրած Արցախին մէջ ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ թշնամին։

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Պատերազմի յաջորդող իսկ ժամերուն, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Արցախի օժանդակութեան յանձնախումբը անմիջապէս սկսաւ իր աշխատանքներուն՝ հասնելու համար Արցախի կարիքներուն։

Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին։

Ժամանակը հիմա՛ է հաստատելու այդ իրաւունքը իր բոլոր երեսներով՝ ընկերայինէն մինչեւ ստեղծագործական։

Արդ, ուրեմն՝ ի գործ, միասին եւ բոլորս, յանուն Արցախի։

Արցախի կարիքներուն հասնելու համար ձեր մասնակցութիւնը կրնաք ունենալ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca եւ կամ հեռաձայնել 1 833 426 2867, 1 833 GAMAVOR վերտառութեամբ:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Արցախի Օժանդակութեան Յանձնախումբ