«Երկիր».-Իրանական լրատուամիջոցները, նաեւ Թուիթըրի մէջ «Իրանական բանակ» ոչ պաշտօնական էջը` յայտնած են, որ Հայաստանի հարաւային դրացի երկրին օդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են Արեւելեան Ատրպատական նահանգի տարածք ներխուժող անօդաչու թռչող սարք:

Հրապարակուած են նաեւ սարքի ոչնչացման լուսանկարները: Տակաւին յայտնի չէ, թէ որու կը  պատկանի, բայց, ենթադրաբար, Իրանի օդային տարածք  ներխուժած է Ատրպէյճանէն:

Պաշտօնական Թեհրանը տակաւին չէ մեկնաբանած լուրը: Նշենք, որ Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգը սահմանակից է եւ՛ Հայաստանի ու Արցախ Հանրապետութիւններուն, եւ՛ Ատրպէյճանին: