«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Քանատայի խորհրդարանի Քանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ նամակ մը յղած է Քանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին, որուն մէջ դատապարտած է Արցախի վրայ ատրպէյճանական լայնամաշտապ յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորեն Ստեփանակերտի եւ ընդհանրապէս Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը՝ չյարգելով միջազգային օրէնքի նուազագոյն սկզբունքները։

Ռէյչըլ Հարտըր իր նամակին մէջ կոչ կ’ուղղէ արտգործ նախարար Ֆիլիփ Շամփայնին, որպէսզի ան հատու կերպով դատապարտէ Ատրպէյճանի բռնարարքներն ու յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, փոխանակ հրադադարի յորդորներ կատարելու:

Հարտըր մանաւանդ կը շեշտէ, որ նախագահ Ալիեւ ոտնակոխ կ’ընէ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի բոլոր օրէնքներն ու ճիգերը:

«Քանատան կ’աջակցի Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եւ ոյժի չկիրառման Մինսկի եզրափակիչ որոշումին: Ուստի, յանուն Քանատայի հայ համայնքին, կը յորդորեմ, հրադադարի կոչերու կողքին, խստօրէն դատապարտել ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները», կը շեշտէ Ռէյչըլ Հարտըր իր նամակին մէջ։

Նշենք, որ Քանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը կայացած է 9 Մարտ, 2019-ին, Քանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, որուն ներկայ գտնուած են շարք մը երեսփոխաններ, պաշտօնատարներ եւ ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները: