«Հորիզոն».-30 Սեպտեմբերին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ Քանատայի արտգործ նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին ուղղուած ստորագրահաւաք-նամակարշաւ մը, որպէսզի ան դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնէ գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ։

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Քանատայի Հայ համայնքը կը պահանջէ, որ Քանատայի կառավարութիւնը

-Դատապարտէ թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը,
-Պահանջէ Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութեան դադրեցումը Արցախեան հակամարտութեան մէջ,
-Անյապաղ դադրեցնէ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ