ՏԵՂԱԿԱՆ

Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն

–              Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականի մարզիչ Հատի Տարուիշ Կիրակի օր ներկայացուց իր հրաժարականը: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, Սուրիոյ պասքեթի գործադիր մարմինը, որ կազմուեցաւ մէկ շաբաթ առաջ, մտադիր է հաւաքականին նշանակել օտար մարզիչ:

–              Լաթաքիոյ մէջ սկիզբ առաւ Թիշրին ֆութպոլի մրցաշարքը, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին ութը խումբեր: Հալէպէն իր մասնակցւթիւնը բերաւ Իթթիհատը, որ դուրս մնաց առաջին հանգրուանէն:

–              Հալէպի Ճալաա մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթի 3 * 3 մրցաշարքը, ուր տարիքային բաժանմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 30 անհատական խումբեր: Մրցաշարքին իրենց անհատական մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի խաղացողները:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

Գերմանական Պայէրն Միունեխը Դարձաւ ՈՒԵՖԱ-ի Սուփերգաւաթակիր

ՈՒԵՖԱ-ի Սուփերգաւաթի խաղին գերմանիոյ բազմակի ախոյեան   Պավարիան 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիոյ   Սեւիլիան: 13-րդ վայրկեանին հանդիպումի կոլերուն բացումը կատարեց Սեւիլիայի խաղացող Լուքաս Օգամպոսը տուգանային հարուածով: Գերմանացիները տիրապետելով խաղարկութեան յաջողեցան վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը. 34-րդ վայրեանին Լեոն Գորեցկանը հաւասարեցուց արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղը շարունակուեցաւ նոյն կերպով, խումբերը այլ առիթներվ հասան դարպաս բայց անոնց բոլոր յարձակումները աւարտեցան ապարդիւն: Հաւելեալ ժամանակաշրջանի խաղարկութեան անցնելով, 104-րդ վայրկեանին գերմանացիները անգամ մը եւս յաջողեցան ցնցել մրցակիցին դարպասը, որուն շնորհիւ տիրացան եւրպայի սուփեր գաւաթին:

Լուիս Սուարէզ Տեղափոխուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Քաթալոնիոյ պարսելոնա ակումբի խաղացող Լուիս Սուարէզ հեռանալով իր խումբէն միացաւ մայրաքաղաքի Աթլեթիքօ Մատրիտին: Սոյն լուրը երկու ակումբները իրենց պաշտօնական կայքէջին մէջ հաստատելէ ետք, Սուարէզ մամուլի ասուլիսի մը հրաւիրեց թղթակիցները, ուր պաշտօնապէս յայտարարեց իր հեռացման լուրը: Սուարէզ չկրցաւ զսպել իր արցունքները. Ան ըսաւ թէ վեց տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել Պարսելոնայի մէջ եւ ոչ մէկ վայրկեան կ’երեւակայէր թէ ան այս կերպով պիտի լքէր խումբը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընկերներուն մասնաւորապէս Մեսսիին որ եղբօր պէս եղաւ միշտ իր կողքին: Նշենք թէ Ուրուկուէյցի յարձակողը քաթալոնեական խումբին միացաւ 2014 թուականին: Ան վեց տարիներու ընթացքին խումբին հետ նուաճեց 13 տիտղոս: Սուարէզ խումբին հետ նշանակած է 198 կոլ:

 

Շալքան Պաշտօնազուրկ Ըրաւ Մարզիչը

Գերմանիոյ Շալքա ակումբը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Տէւիտ ֆակնէրը, խումբին արդիւնքները ձախող ընթացքի մէջ ըլլալուն համար: Շալքայի տնօրէն Եորկէն Շնայտէր ըսաւ թէ մենք խումբէն կը սպասէինք, բայց ախոյեանութեան առաջին երկու հանգրուաններուն արձանագրուած արդիւնքները, մեզի ստիպեցին առնելու այս որոշումը: Ըստ գերմանական թերթերուն, խումբի մարզիչի թեկնածուներէն մէկն է Ռալֆ Ռանկնիկը, որ նախապէս երկու առիթներով ստանձնած է Շալքայի մարզիչուի պաշտօնը: Նշենք թէ Գերմանիոյ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին Շալքան 8 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Պայէրն Միունեխէն, իսկ շաբաթ օր 3 – 1 արդիւնքով զիչեցաւ Ֆերտէր Պիրմէն խումբին:

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան