Հայ դատ, հայեցի կրթութիւն 

Զրոյց Իշխան Չիֆթճեանի հետ 

Իշխան Չիֆթճեան հայ գիր ու գրականութիւն կը դասաւանդէ Համպուրկի համալսարանին մէջ (Գերմանիա) եւ, իր այլազան մտաւորական աշխատանքներուն կողքին, ան խմբագիրն ու վարիչն է Հայերէն blog գրական բեղուն կայքէջին (https://hayerenblog.wordpress.com)։ 
Վերջերս դիմատետրի վրայ ան մտահոգութիւն կը յայտնէր, թէ մեր բնակած երկիրներու տեղական դասագրքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին «երկու տող» յիշատակում մը ընելու համար մեր թափած ճիգն ու ջանքը չեն արդարանար, երբ անդին շատ մեծ կարիքը կայ վերանայելու եւ զարգացնելու նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու մեր միջոցներն ու աշխատանքները։ 
Անհրաժեշտ է, որ մեր ազգային կեանքի մէջ դերակատար կազմակերպութիւններն ու անձինք կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ պարբերաբար լսեն ոչ միայն իրենց պատկան ժողովներու ու մարմիններու գնահատումները, այլեւ «պարզ քաղաքացիին» ալ տեսակէտները, որոնք կրնան բացայայտել դերակատարներու ուշադրութենէն վրիպած պարագաներ կամ կացութիւններ։ 
Ահաւասիկ 7 Յունիս 2020-ի Իշխանի գրառումը.
Փոխանակ իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու մեր գաղութներուն մէջ, պատասխանատու մարդիկ եւ միութիւններ տարուած են տեղական դասագիրքերու մէջ հայոց ցեղասպանութեան մասին ԵՐԿՈՒ ՏՈՂ (բառացի` երկու տող) աւելցնելու տենդագին եւ “ազգային” աշխատանքով։
Այդ երկու տողը պակաս թող մնայ գերմանական եւ այլ դասագիրքերէ, բայց դուք ձեր զաւակներուն ձեր մայրենի լեզուն սորվեցնելու միջոցներ փնտռեցէք։
Եթէ մենք մեր գիտցած հայերէնը եկող սերունդին պիտի չկրնանք փոխանցել, ուրեմն արժանի չենք մենք այդ լեզուին։

Վ-Ա. – Սիրելի՛ Իշխան, թէեւ ընկերային ցանցի վրայ կարճ փոխասացութիւն մը ունեցանք, բայց կը կարծեմ, թէ կ՚արժէ որ շարունակենք զրուցել այս մասին, թէկուզ այսպէս՝ եթերին մէջ… 
Արդ, առաջին հերթին կը խնդրեմ, որ պարզաբանես միտքդ։ Չեմ ուզեր, որ մնանք միայն տեղական դասագրքերու այդ մարզին մէջ, այլ դիտենք հարցն ու հարցերը աւելի լայն տեսադաշտի մը վրայ՝ Հայ դատի ու հայեցի կրթութեան, որոնք վերջին հաշուով, համոզուած եմ, սերտօրէն կապուած են իրարու։  
Ի. Չ. – Երբ կ՚ըսէի, թէ այդ «երկու տող»ը պակաս թող մնայ, անշուշտ թելադրողական իմաստ մը կու տայի ըսածիս։ Ես այդ երկու տողը թերագնահատողը չեմ, սակայն երբ կը տեսնեմ, որ միւս նժարին վրայ հայերէնին ու հայկականին մօտեցումը համապատասխան խնամքի չ’արժանանար, այն ատեն կը հրաժարիմ այդ երկու տողէն ալ։
Աւելի յստակ. երբ մենք երկու տողին համար այնքան ճիգ ու ջանք, ժամանակ, ոգի, դրամ կը յատկացնենք, ինչո՞ւ նոյնը չենք ըներ մեր լեզուն ու մշակոյթը զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու աշխատանքին համար։ Ես չունիմ այս հարցումին պատասխանը։ Անմիջապէս հիմա «փաստաբան»ներ կրնան ըսել՝ «մենք երկուքին ալ կարեւորութիւն կու տանք, երկուքն ալ կարեւոր են» եւ այլն եւ այլն։ Ես ալ կ’ըսեմ, որ, այո, երկուքն ալ կարեւոր են ՄԻԱՅՆ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, երբ երկուքին կարեւորութիւնը մենք գէթ հաւասարակշռած ըլլանք։ Հաւասարակշռութեան հսկայական խախտում գոյութիւն ունի. մէկ կողմէ կը կատարուի քաղաքական կոչուած «դատ»ին հետապնդումը, լոպպիական աշխատանքը, դրամահաւաք եւ այլն, որ պարզ բառերով ըսած՝ այս կամ այն քաղաքական գործիչին կամ քաղաքական օրակարգին, Արեւմուտք կամ Միջին Արեւելք կամ այլուր, հայանպաստ դիրքորոշուիլն է ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։ Թէ այդ դիրքորոշումը որքա՞ն կեանք ունի՝ յստակ չենք ալ գիտեր։ Ֆրանսայի մէջ յիշողներ կան, որ Հայաստան-Ֆրանսա կամ Արցախ-Ֆրանսա քոյր քաղաքները վերջերս հրաժարեցան իրենց… քուրութենէն։ Եթէ այս կամ այն քաղաքին մէջ Աթաթուրքի արձանը պիտի կանգնեցուի, մենք կը խանգարենք, որ կանգնեցուի, օրինակ Համպուրկի մէջ վերջերս։ Կ’երթանք, կը գտնենք համապատասխան խօսակիցները, եւ յանկարծ որոշումը կը փոխուի։ Մինչ այդ եթէ այդ արձանը կանգնէր, թերեւս այնքան ալ աղմուկ ելած պիտի չըլլար, թերեւս այցելու ալ չունենար։ Արձանին կանգնելուն եւ չկանգնելուն տարբերութիւնը ինծի համար յստակ է, կողմնորոշումս ալ յստակ է, սակայն այդ մակերեսային կողմնորոշումէն անդին չենք անցած մենք, եւ ասիկա՝ շատ մը մակարդակներու վրայ։
Երկու տողէն անդին անցնիլը անհրաժեշտ է, ըստ իս։

Վ-Ա. – Ինչպէ՞ս կը պատկերացնես Հայ դատի ծիրը։ Ի՛նչ թերացումներ կան այդ մարզին մէջ, ո՞ր աշխատանքները բարելաւման կը կարօտին, ի՞նչ մարզ անտեսուած կը մնայ։ Կ՚ուզեմ լսել կարծիքը մէկու մը, որ կը գտնուի ոչ-հայկական շրջապատի մը մէջ եւ կրնայ տեսնել տարբեր երեւոյթներ, մատնանշել տարբեր իրողութիւններ։ 
Միւս կողմէ, ասպարէզիդ իսկ բերումով, մանաւանդ Հայերէն blog-ի ալ ճամբով սերտ առնչութիւն ունիս մեր լեզուի ու մեր լեզուի ուսուցման հարցերուն հետ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Ուրեմն, ի՞նչ թերիներ կը տեսնես ա՛յս մարզին մէջ, ի՞նչ թելադրութիւններ ունիս ա՛յս առնչութեամբ։ 
Ի. Չ. – Ինծի համար դէպի ներս աշխատանքը շատ կարեւոր է եւ ես կը տեսնեմ, որ անիկա տեղի չ’ունենար հարկ եղած լրջութեամբ, ոչ միայն Հայ դատի վերաբերող աշխատանքներուն կապուած։ Օրինակ մը տամ. այսօր հասկնալու համար Շուշիի կարեւորութիւնը, հարկ է անդրադառնալ հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդին, ԺԹ.-Ի. դարու քաղաքին մշակութային ու առեւտրական եռուն գործունէութեան իմաստին, աշխարհագրական նշանակութեան։ Այս եւ նման նիւթեր, իբրեւ ոչ միայն անցեալի դաս կամ երազանք, այլ ներկայի իմաստ եւ ապագայի ծրագիր, կրնան համակարգուած դասաւանդում-քննարկումի կերպարանք ստանալ։ Երկարաշունչ աշխատանքի մասին է խօսքը, ինքնապատրաստութեան ու ինքնակրթանքի, ոչ-ազգայնապաշտ ճակատի վրայ, ոչ տարեկան տօնահանդէսներու խրախի տեսքով։ Տարեկան խորհրդակցութիւնները, եթէ տեղի ունենան, ցուցադրութենէ անդին, երկու տողէն անդին չեն անցնիր իրենց ազդեցութեամբ. չեմ խօսիր տեսլականի մասին։
Ես այս երկարաշունչ, կեդրոնացեալ աշխատանքը չեմ տեսներ։ Հայկական հարցերն ու նիւթերը շատ են, Շուշին օրինակ մըն էր։ Մենք այդ նիւթերը փոխանակ դասակարգելու, ներքին ճակատի վրայ մենք մեզ այդ նիւթերուն մարսողութեամբ սնուցանելու եւ հիմնական աշխատանքի պատրաստուելու, զբաղած ենք դէպի դուրս նետուած պայքարով մը, չեմ ըսեր «տարուած», այլ «նետուած» պայքարով, որ շատ աւելի կը մսխէ մեր ունեցածը՝ քան կը շահարկէ։ Թերագնահատում չէ ըրածս. բայց քննադատութիւն՝ այո, որովհետեւ գիտեմ, որ բոլոր կարելի միջոցները ունինք, սակայն չենք ձեռնարկեր, որովհետեւ չենք հասունցած տակաւին եւ դասեր ալ չենք քաղեր մեր շրջապատէն, այն երկիրներէն, ուր կ’ապրինք։
Վերջերս լոյս տեսաւ ՀՅԴի արխիւներու վերջին հաւաքածոն։ Ճիշդ ինչպէս որ ատենին Վրացեանէն ու Սասունիէն չկրցանք հարկ եղած ձեւով օգտուիլ, արխիւներու վերաբերող ինչ-ինչ հարցումներու պատասխանները անհրաժեշտ չափով անոնցմէ ստանալով, նոյնպէս ալ այսօր Երուանդ Փամպուքեան, սենեակի մը չորս պատերուն մէջ փակուած կատարեց ու դեռ պիտի կատարէ իր աշխատանքը, հետաքրքրուողներու սերունդ պիտի չպատրաստուի, մենք պիտի չկարենանք խանդավառել երիտասարդները, որովհետեւ տարուած ենք ցուցադրական աշխատանքով, խանդավառ չենք այդ աշխատանքով։ Մակերեսային խանդավառութիւնը խանդավառութիւն չէ։ Ուր որ երիտասարդ ուժեր կը տեսնենք, մեծաւ մասամբ, իրենք զիրենք հասցուցած երիտասարդներ են, հաւաքական ուժաշխատանք մը չէ կեցած անոնց ետին։ Պատահականութիւնն ալ կրնայ արդիւնք տալ, սակայն անոր արդիւնքը շատ հեռահաս չէ։
Դեռ չեմ խօսիր այլ հաստատութիւններու գոյութիւն չունեցող կամ գոյութեան չկոչուող արխիւներուն մասին։ Ասիկա ոչ ժամանակի հարց է, ոչ տրամադրութեան, ոչ ալ տնտեսումի։ Ասիկա մշակոյթի մը բացակայութեան հարցն է։
Հոս կ’ուզեմ «հայաստանասէր» սփիւռքահայ խմբակներու ուշադրութեան յանձնել «իրենց» իսկ պատմութիւնը. թող սերտեն, թող հասկնան, յետոյ կրնան փիլիսոփայել, թէ Սփիւռքի մէջ ինչ կատարուած է անցեալ դարերուն ընթացքին իբրեւ քաղաքական, մշակութային իրագործում, ինչ կարելի է ընել հիմա ու ինչո՛ւ տեղի չ’ունենար հիմա՛, ինչ որ կրնայ տեղի ունենալ։
«Լեզուի ուսուցման» մասին հարցուցած ես վերը։ Ցաւով կը տեսնեմ, որ միլիոնաւոր գործածող ունեցող լեզուներու օրինակին հետեւելով, հայերէնը, մանաւանդ արեւմտահայերէնը լլկումի ճամբան բռնած է։ Չի բաւեր որ անիկա պաշտօնական աղբիւրներու մէջ կը բռնաբարուի, բանիւ եւ գրով, հիմա ալ կ’աւելնայ այսպէս կոչուած «նորարար գիւտերու» հետապնդում մը, որ արեւմտահայերէնին դամբանաքարը կը դնէ։ Փոխանակ լեզուի ուսուցման ու կիրարկման աշխատանոցներ կազմակերպելու, լեզուն ազատօրէն խեղաթիւրելու քաջալերանք տեղի կ’ունենայ։
Անգլերէնը կամ ֆրանսերէնը չեն ազդուիր նման մարզանքներէ, մենք սակայն այդ շռայլութիւնը չենք կրնար մեզի արտօնել։ Երբ մանուկին ծուռ խօսածը չես շտկեր ատենին, եւ կ’ըսես՝ «օրին մէկը ինքնիրեն կը շտկուի», եւ կը խորհիս՝ «սխալ-ճիշդ, սխալ-ճիշդ՝ ճիշդ» կ’ըլլայ, «ապրիմ-մեռնիմ»ի օրէնքով, երբ մանուկին փողոցի հայերէնով մանկական ու պատանեկան հատորիկներ կը պատրաստես ու կը հրամցնես, հիմը ծուռ դրած կ’ըլլաս։ Ծուռ հիմը շտկելը հետագային անկարելի է, մանաւանդ երբ կաթընկեր մը ինքզինք հանճար կը համարէ։
Գիտես, որ մենք մեր էջին վրայ բարբառներու բաժին մը ունինք եւ կը քաջալերենք բարբառներով արտայայտուողները, եւ բաւական ալ լեցուն է այդ բաժինը։ Ունինք նաեւ փողոցային հայերէն օգտագործող նիւթեր։ Կայ բարբառը, խօսակցականը, փողոցի լեզուն, գրական լեզուն եւ գրականութեան լեզուն։ Ասոնք իրարմէ տարբեր բաներ են եւ ԲՈԼՈՐն ալ կարեւոր են։ Գրականութեան լեզուն կրնայ բոլորը համախմբել։ Մենք բոլորին ալ ուշադրութեամբ տեղ կու տանք մեր կայքէջին մէջ, նոյնիսկ հեղինակ մը ունինք, որ դիտմամբ սխալագրութեամբ կը գրէ, ուրիշ մը՝ լատինատառ հայերէնով արտայայտուած է. այս բոլորը կան, սակայն զանոնք կիրարկողը պարտի գիտնալ, թէ իր սորվածը, խօսածը կամ գրածը ի՞նչ է. բարբա՞ռ է, խօսակցակա՞ն է, գրակա՞ն է, գրականութեա՞ն լեզու է։ Երբ այս տարբերութիւնները յստակ չեն, չենք գիտեր թէ ո՞ւր ի՞նչ պիտի գործածենք, յառաջ կու գայ խառնարան մը։ Ասոր լուծումը ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆ է. ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ անիկա տեղի ունենար։ Ուսուցման աշխատանոցներ չկան, որոնք հայերէնի այս բոլոր ճիւղերուն սերտողութեամբ եւ կիրարկմամբ զբաղին։ Երբ լեզուիդ վրայ չես աշխատիր, ինչո՞ւ կ’աւաղես, որ ան կը կորսուի։
Երբ այս նիւթերուն մասին նեղ շրջանակներու մէջ կը խօսիմ, սրտցաւ կամ սրտցաւ ձեւացող պատասխանատու անձեր անմիջապէս կ’ըսեն՝ «մարդուժ չունինք», բայց երբ անմիջապէս կ’աւելցնեմ, թէ ձեւեր կան մարդ պատրաստելու, ինչ որ ժամանակի եւ կեդրոնացման կը կարօտի, այս անգամ ալ կ’աւելցնեն, որ «միջոց չունին, դրամ չունին»։ Ես վստահ եմ, որ ուրիշ, շատ աւելի կարեւոր բաներ ալ չունին եւ այս չունեւորութիւնը վերածուած է մնայուն կացութեան մը, որուն կրնանք «իմացեալ ամլութիւն» անունը տալ։
Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, Սփիւռքի մէջ ենք, ու մամուլ եւ դպրոց պատահական արտադրութիւններու օճախներ դարձած են, կոչուած են կազմակերպ արտադրութեանց օճախներ դառնալու։ Այդ կոչումը մէկէ մը չեն ստանար, իրենք իրենց վրայ կրնան վերցնել, յանձն առնել։ Սփիւռքը այն չէ, որ դուրսէն, այլ գաղութէ կամ Հայաստանէն ներածուած՝ եկուոր ուժով հրախաղութիւն կը մատուցէ կամ կը գոյատեւէ, այլ այն, որ ստեղծագործութեան հիմեր կը դնէ։

Վ-Ա. – Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած. Ես ինքս կ՚ափսոսամ, որ «Համազգային»-ի եւ մեր միւս կազմակերպութիւններու համադրուած, թուայնացուած ու մատչելի արխիւ չկայ, գրեթէ չկայ։ Մեր թոհուբոհին մէջ յաճախ կ՚անտեսենք Հայ դատի աշխատանքին կապակցաբար ալ ներքին դաստիարակչական կողմը, որ ամեն օր, ամեն տեղ կատարուելիք գործ է, որուն ես ալ անդրադարձեր եմ ու կ՚անդրադառնամ յաճախ, նոյնիսկ երբեմն ձանձրանալի ըլլալու ի գին։ Իսկ այս դաստիարակչական աշխատանքը չի սահմանափակուիր Հայ դատի դասագրքերու պատրաստութեամբ, ոչ ալ մեր հրապարակային նախաձեռնութիւններով։ Կայ մեր ընտանիքներուն մէջ հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծելու, մեր նոր սերունդին մէջ Հայը, հայերէնն ու հայկականը ճանչնալու եւ գնահատելու տրամադրութիւնը զարգացնելու եւ ազգային նպատակներուն նկատմամբ յանձնառու դառնալու յօժարութիւնը յառաջացնելու դժուարին աշխատանքը, դժուարին՝ շրջապատի անմիջական գերազդեցութեան ներքեւ։  Բայց կայ մանաւանդ ամեն հայորդիի հայեցի կրթութիւն հասցնելու հրամայականը, որուն համար զօրաշարժի ենթարկուելու է մեր մտաւոր թէ նիւթական ամբողջ ներուժը։
Ի. Չ. – Թոյլ տո՛ւր, որ ըսածներդ քիչ մը աւելի մօտէն կարդամ։ Ի՞նչ «թոհուբոհ»ի մասին է խօսքդ եւ ի՞նչ «անտեսման»։ Զարմանալի չէ՞, որ Սփիւռքի մէջ ապրող ժողովուրդ մը իր գաղութներուն ունեցած տարբեր կարելիութիւններով՝ տեղ մը այս մարզին մէջ տկար, ուրիշ տեղ մը այլ մարզի մէջ աւելի կազմակերպ, բնականաբար ունենալով այլազան նկարագիր, հիմնական հարցերուն մէջ ըլլալով հանդերձ միաձեւ եւ ըսենք՝ միախորհուրդ, չունենայ տեղւոյն պայմաններուն համաձայն կատարուող «լուծում» ու «ծրագիր»։ Ընդհանուր ծրագրի մասին չեմ խօսիր հոս։ Համեմատականս ծանր թող չըլլայ. ես Գերմանիա կը բնակիմ, եւ մեր տեղացի քիւրտերն ու թուրքերը յաճախ իրենց ընտանեկան որոշումները՝ ծրագիր-կանոնագիրը իրենց գերդաստանի նահապետին կողմէ՝ Անատոլուէն կը ստանան։
Երբ խօսքը հարցեր լուծելուն եւ ծրագրելուն գայ, բոլորս ալ, բոլոր գաղութներս կը դառնանք միասնական․ եւ եթէ հոս-հոն մեր «նահապետ»երուն խօսքէն դուրս կ’ելլենք, լաւագոյն պարագային, կ’ըսենք. «Միջոցները չունինք, ծախսալից են այդ բաները, արդէն մենք Սփիւռք ենք ու պիտի հալինք»։ Եթէ հոս պատերազմ, քաղաքական կամ տնտեսական տագնապ չըլլայ, ուրիշ գաղութի մը մէջ պիտի ըլլայ։ Մեր տագնապներուն վերջը պիտի չգայ։ Քու նշած «թոհուբոհ»դ միշտ կայ։ Ի դէպ, թոհուվապոհու, եբրայերէնէն հայացուած այս բառը Ծննդոց գիրքին մէջ նախարարչական, քաոսային վիճակին բնութագրումն է։ Ըստ երեւոյթին մենք ալ ազգովին այդ վիճակին մէջ ենք տակաւին…։ Ասիկա մնայուն վիճակ մըն է մեզի համար։ Դժբախտաբար նաեւ մնայուն վիճակի վերածուած է տագնապէն դուրս գալու միջոցներ չգտնելու մեր հաւաքական ամլութիւնը՝ մեր անտեսումը, քու բառովդ դարձեալ։ Իրականութեան մէջ մենք մեզ է որ կ’անտեսենք։ Հոս ու հոն կարելի է նշմարել խմբակային աշխատանքներ, դրական երեւոյթներ, որոնք սակայն չեն աճիր, նոյնիսկ միայն անհատական նախաձեռնութիւններ կը մնան, չեն քաջալերուիր։
Ամէն մարդ ուրախ է, վերջերս, որ ահագին նիւթ տեղադրուած է համացանց, համաճարակին առթիւ․ դասաւանդութիւն, ընթերցում եւ այլն, եւ այլն։ Առանց նոյնիսկ նուազագոյն մօտեցում ցուցաբերելու այդ բոլոր նիւթերէն գոնէ մի քանիին, անպատասխանատու խանդավառութեամբ ոմանք նոյնիսկ արեւմտահայերէնի վերածնունդն ու թերեւս ալ ոսկեդարը հռչակած են…։ ԻԱ. դարուն այսքա՞ն թեթեւաբարոյ պիտի ըլլանք։

Վ-Ա. – Ի՞նչ կը մտածես ուրեմն։ Ուրկէ՞ սկսիլ…
Ի. Չ. – Վերը կը խօսիս «ամեն օր, ամեն տեղ կատարուելիք գործ»ի, «դաստիարակչական աշխատանք»ի մասին։ Որքան իտէալականացնենք ու վսեմացնենք դաստիարակութիւնը, նոյնքան հռետորական եւ բովանդակազուրկ կը դառնայ անիկա։ Որքան լայն բռնենք աշխատելագետնին աշխարհագրական սահմանները, այնքան դժուար կը դառնայ անոր գոյառումը։ «Ամեն օր, ամեն տեղ»ը ինծի կը յիշեցնէ մեր յեղափոխական շարժումի հսկայածաւալ աշխատանքը, ԺԹ․ դարու աւարտ, որ ստրկամտութենէ դուրս կ’ուզէր բերել արեւմտահայութիւնը եւ հաւաքական սպառազինման եւ կազմակերպման փորձեր կ’ընէր հայառատ քաղաքներու մէջ՝ Վան, Կարին եւ այլն։ Արդարեւ հսկայական ու անսպառելի աշխատանք մը։ Կ’արժէ կարդալ Արամ Մանուկեանի նամականին, վերջերս լոյս տեսած։ Հոս տեղը չէ բնականաբար «հանապազօրեայ» ու մշտական այդ կամ այլ աշխատանքի արժեւորումը կատարելու․ ինծի կը թուի, որ մասնաւոր ու յստակ ձեռնարկներ կրնան շօշափելի պատկերի վերածուիլ, ու մանաւանդ՝ արդիւնք տալ, եթէ ըլլանք հետեւողական եւ լուրջ մեր մօտեցումներուն մէջ։
«Զօրաշարժ»ի մասին կը խօսիս։ Ի՞նչ միջոցներ ունիս այդ զօրաշարժին համար։ Հրապարակագրութի՞ւն։ Բաւարա՞ր է։ Որո՞ւ ուղղուած է ան։ Լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու դասաւանդո՞ւմ։ Մոնթրէալի ձեր ձեռնարկին [«Համազգային»-ի Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքի – Վ-Ա] մասին խօսելու համար հարկ է շօշափելի արդիւնքին սպասել։ Դեռ շատ կանուխ է։ Հոն ալ սակայն սկզբնական թուլութիւն կը նկատեմ արդէն։ Կը սպասէք, ըստ երեւոյթին, որ հաւանական զեկուցաբերներ ու դասախօսներ Մոնթրէալ ոտք դնեն, որ դուք ալ անոնց դրած ոտքը ծրագրի կամ դասանիւթի վերածէք։ Ասոր անունը պատահական աշխատանք է։ Պայման չէ որ ձախող ըլլայ, բայց կ’ուզեմ որ տեսնես, թէ մենք 21րդ դարուն մեր ինքնութիւնը պատահական հովերուն առջեւ «սփռած» ենք։ Մինչդեռ «սփիւռք» ըլլալը սփռուածութեան գիտակցութիւնն է։
Մեր գլխաւոր հարցը այն է, որ աննշան են մնայուն չըսեմ, շարունակական ձեռնարկներ, համայնքային կեանքի մէջ կամ անոր լուսանցքին, որոնք կը զբաղին տարուած աշխատանքին անդրադարձող աշխատանքով։ Մենք կրնանք գիրք հրատարակել, սակայն անիկա չի մատուցուիր ընթերցումով։ (Անշուշտ կը խօսիմ հոս մարդուն եւ ոչ գինիին կողմէ կատարուած ընթերցումին): Մենք մշակութային երգուպարի ձեռնարկ մը հազիւ ծայրը ծայրին կը բերենք, յետոյ շունչ քաշելու համար։ Կամ մշակութային ձեռնարկներ կը կազմակերպենք, օտարներո՛ւն ցոյց տալու համար, թէ ինչ լաւ մշակոյթի «տէր» ենք։ Ասոնք, լաւագոյն պարագային, առաջին մակարդակի ձեռնարկներ են։ Ասոնց մարսողութիւնը, որ տեղի կրնայ ունենալ անդրադարձող, քննարկող, խորհրդակցական մակարդակի վրայ, որ ապագայի ուղղութիւն կրնայ ճշդել, կը բացակայի։ Մեր խորհրդակցական հանդիպումները այս առաջին մակարդակէն՝ երկու տողէն անդին չեն անցնիր յաճախ, ինչպէս վերը ըսի։ Անդրադարձ աշխատանքին տեղը առած է մեր քով «յոբելեանի մշակոյթը», ամեակներու պաշտամունքը, որ գիտես թէ ինչի վերածուած է։ Միջնադարու ներբողները հսկայական գանձ են լեզուական ու գաղափարական իմաստով։ Մեր յոբելեաննե՞րը՝ լեզուի ու գաղափարի ապականութիւն։
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտիչները, որոնք Սփիւռքի մէջ դաստիարակութեան եւ դպրոցին նուիրուեցան, կը հաւատային իրենց ըրած աշխատանքին։ Այսօր մենք չենք հաւատար հայ դպրոցին ու հայերէնին։ Հաւատքը կարելի է ունենալ, կորսնցնել եւ վերագտնել։ Որոշումի եւ աշխատանքի հարց է։ Երբոր դուն քու աշխատանքիդ չես հաւատար, ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ ուրիշը հաւատայ։
Վերը կ’ակնարկես «հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծելու»ն, ընտանիքէն ներս կամ դուրս. բայց ինչպէ՞ս. ես կը խորհիմ որ առաջին, մակերեսային աշխատանքէն անդին անցնելով միայն կարելի է ատիկա. կը տեսնես, որ երբ ծրագրի մը համար խմբակ մը կազմես, օղակը նեղցնես՝ քանի՞ հոգի կը մնայ։ Երբ մենք տարուած ենք սրահներ լեցնելով, հարկ է որ տեղ մը անդրադառնանք, որ այդ լեցուած սրահները պարպելու աշխատանք մը կայ, ըսելով, թէ մենք հիմա մարսողական աշխատանք պիտի կատարենք, որ շարունանակական բնոյթ ունենայ։ Հոգեբանական մթնոլորտը կրնայ տարիներու աշխատանքի արդիւնք ըլլալ միայն։ Մենք այդ համբերութիւնը ունի՞նք։
Հիմա պիտի ըսես, որ համայնքային մակարդակի վրայ նման մօտեցում ակնկալելը շռայլութիւն է։ Համաձայն չեմ։
Վ-Ա. – Ո՛չ, շռայլութիւն չէ՛, պարտադրա՛նք է։
Ի. Չ. – Ես հանդիպած եմ երիտասարդ տարրերու, Եւրոպա կամ Միջին Արեւելք, որոնք շատ լաւ պատրաստուածութիւն ունին, սակայն հայկական միջավայրը փոխանակ մտածելու անոնց ծաղկման մասին, զանոնք կը «լծէ» այս կամ այն գործին, անոնց հետ կատարուելիք երկխօսութեան ամբողջական բացակայութեան։ Երիտասարդը ինք պիտի որոշէ իր ընելիքը, ոչ թէ դուն անոր պարտականութիւն պիտի տաս։ Այնքան կը խեղդենք մեր միջավայրը, որ ազատ առաջարկներու իսկ տեղ չի մնար։
Ուրիշ կարեւոր թերութիւն մըն ալ կայ, որուն յաճախ հանդիպած եմ։ Կարեւորի ու երկրորդականի զանազանութեան հարցը։ (Հարկաւ ինծի համար կարեւորը ուրիշին համար երկրորդական կրնայ ըլլալ։ Ատիկա՝ իր կարգին)։ Երկրորդականին վրայ յաճախ այնքան կեդրոնացում եւ նիւթաբարոյական ծախս կը յատկացուի, որ հիմնականը կը կորսնցնէ իր հիմնականութեան իմաստն իսկ։ Պատահած է որ խորհրդակցական հանդիպումի մը մասնակցիմ, ուր մասնակիցներ ժամեր տրամադրած են «քննարկելու»  համար, թէ Ապրիլ 24ի յուշատօնը ի՛նչ բովանդակութեամբ տեղի պիտի ունենայ…։ Աբիսողոմ աղաներն ու մեծապատիւ մուրացկանները բազմապատկուած են։ Մեծածախս համագումարներու մասնակցած եմ, որոնց կատարումը միայն խորհրդանշական իմաստ ունեցած է, երբեմն կազմակերպիչներուն իսկ խոստովանութեամբ։ Ես խորհրդանիշի հաւատացող եմ, սակայն կը խորհիմ, որ անկէ աւելի կարեւոր բաներ կան։
Կը խօսիս նաեւ «շրջապատի անմիջական գերազդեցութեան» մասին, որ մեր աշխատանքը կը դժուարացնէ։ Սփիւռքի մէջ կրկնակիութեանց ու բազմակիութեանց մէջ ծնած ենք, անոնց հետ մեր յարաբերութիւնը առօրեայ հարց է։ Հայաստանցիները վերջին քառորդ դարուն Սփիւռք գալով նոր կը ծանօթանան այդ իրականութեան։ Այդ «գերազդեցութիւնը» միշտ ժխտական իմաստ չի կրնար ունենալ։
Գիտես, ես չեմ կրնար բաւարարուիլ կոյր-կաղ ծրագրերով, որ աս կամ ան ծակը գոցելով զբաղած են։ Հոս իմ բաւարարուիլս ալ չէ հարցը, իրականութեան մէջ, բարեբախտաբար։ Երբ հարցերուն առժամեայ լուծումներ կու տանք, արմատական, լուրջ եւ հեռահաս ծրագիր չենք առաջադրեր, միօրեայ կեանք կ’ապրինք, սառնարանը միայն մէկ օրուան պաշարով կը լեցնենք՝ չենք կրնար մեր կեանքը կազմակերպել։ Քոչուոր, վրանաբնակ ու թափառաշրջիկ ցեղերն իսկ երկարաժամկէտ աշխատանքին իմաստը գիտեն։ Բայց հոս պէտք է հարցնենք՝ ծրագրեա՞լ հաւաքական ինքնասպանութեան կը դիմենք, թէ անգիտակից տեղի կ’ունենայ ատիկա. ասիկա ինծի համար անկեղծօրէն յստակ չէ։
Մենք առհասարակ զբաղած ենք ուրիշներո՛ւն «բացատրելով», թէ մենք չլուծուած դատ ունինք, որ արդար է մեր դատը եւ այլն։ Ես խորապէս համոզուած եմ, որ ուրիշներէն առաջ այդ բոլորը մենք լաւապէս հասկնալու կարիք ունինք։ Եւ ասիկա մնայուն, խոր ու երկարաշունչ աշխատանք է, շաբաթավերջի ժամանց չէ։
Վ-Ա. – Եւ մեծ նիւթականի կարիք ունեցող աշխատանք է։ Նիւթականը կայ, կրնայ գոյանալ, կարեւորը այդ ընելու գիտակցութիւնն է, կա՛մքն է։ Անգամ մը եւս՝ շնորհակալութի՛ւն, Իշխան։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ», ՀՅԴ պաշտօնաթերթ, թիւ 10, Հոկտեմբեր, էջ 21-25: