«Երկիր».- ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնը,  իբրեւ թէ հայկական ստորաբաժանումները փորձած են հարուածել Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան քարիւղամուղին, լկտի սուտ է:

«Ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնը, թէ, իբր, հայկական ստորաբաժանումները փորձած են հարուածել Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան քարիւղամուղին, լկտի սուտ է:

Մենք բազմիցս  յայտարարած ենք, որ չենք թիրախաւորած քարիւղակազային ենթակառուցուածքները, սակայն անկախ տեղակայման վայրէն բոլոր այն ռազմական առարկաները եւ նշանակէտերը, ուրկէ կրակ կ’արձակուի Արցախի ուղղութեամբ, կ’ոչնչացուին»,  գրած է ան: