«Երկիր».- Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Վրաստանի Կախեթիի տարածաշրջանին` Կը ղվարելիի շրջանին հրթիռ մը, իսկ  Ատրպէյճանի հետ սահմանակից Սակարեջիի մէջ  անօդաչու թռչող սարք մը ինկած է:

«7 Հոկտեմբերին, ժամը 18:35-ի եւ 18:45-ի սահմաններուն, արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը հրթիռի ու անօդաչու թռչող սարքի մասին հաղորդագրութիւն  ստացած է: Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը անմիջապէս հետաքննութիւն  սկսած է:Դէպքին հետեւանքով ոչ ոք տուժած է»,  ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: