«Երկիր».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Առաջին ալիքին» տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ զինուորական կորուստներու  տեղեկատուութիւնը ներկայիս գաղտնի է:

«Ատրպէյճանի հասարակութիւնը այս մասին պիտի տեղեկացուի զինուորական գործողութիւններու գործուն փուլի աւարտէն վերջ», ըսած է ան` խոստովանելով, որ երկրի քաղաքացիներէն կը պահեն  Պաքուի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած արարքին հետեւանքով ատրպէյճանական կողմի կորուստներուն տուեալները: