Պրիւքսէլ, 7 – Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն Արցախի ազգաբնակչութեան դէմ պարտադրուած պատերազմը  Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին էր: Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ/Եւրայանձնաժողովի փոխնախագահ Ժոզէֆ Պորելի միջեւ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ:

Պատգամաւորներու ճնշող մեծամասնութիւնը` բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն, յստակօրէն եւ խիստ կերպով դատապարտեցին Թուրքիոյ դերը հակամարտութեան սրումին մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ելոյթ ունեցող վաթսուն պատգամաւորէն միայն հինգը իր աջակցութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանին: Բոլոր հինգ պատգամաւորները նախապէս Ատրպէյճանի հետ սերտ կապեր  ունեցած են, ոմանք` նեղ անձնական շահեր: Մեծ թիւով եւրապատգամաւորներ շեշտեցին, որ Թուրքիոյ` տարածաշրջանը ապակայունացնող քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Անոնք խստիւ քննադատեցին Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայերու դէմ կռուելու նպատակով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ճիհատիստներ ուղարկելու համար: