Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին, չորս երեսփոխաններ Արցախ-Ատրպէյճան սաստկացող բախումներուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկան։

Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան ներկայացուց տագնապի վերլուծութիւնը, խաղաղ միջոցներով լուծման գործընթացը ու հայ ժողովուրդի դարաւոր ներկայութիւնը Արցախի մէջ։

Երեսփոխան Նեպիլ Թաամէ անդրադարձաւ տագնապի վերջին օրերու սրման եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ կրկին կը պայքարի ցեղասպան Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները ետ մղելով։

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւններուն, սուրիական պատերազմի տարիներուն Հայաստանին Սուրիոյ կողքը կանգնելուն, ապա զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, դիտել տալով որ Արցախ-Ատրպէյճան տագնապին Թուրքիոյ ուղղակի հրահրումով եւ մասնակցութեամբ հայ ժողովուրդը կրկին վտանգի մէջ յայտնուած է։

Յաջորդ օրը խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան եւ դատապարտեց Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, որոնք նախայարձակ ըլլալով կը սպառնան Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան։