ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի 6 Հոկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ շեշտեց, որ Իրան շահագրգռուած է իր դրացի երկիրներու հողային ամբողջականութեամբ եւ պատրաստ է կարելի որեւէ քայլ որդեգրելու՝ միջազգային օրէնքի եւ երկու երկիրներուն ճանչցուած սահմաններուն հիմամբ լուծելու համար ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։
Ան շեշտեց, որ ատրպէյճանական ու հայկական զինեալ ուժերուն միջեւ բախումները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցնել։
Ռուհանի յայտնեց, որ Իրան մտահոգ է կարգ մը երկիրներու հակամարտութեան միջամտութենէն եւ կարեւոր կը նկատէ իր սահմաններուն վրայ անվտանգութեան ապահովումը՝ աւելցնելով, որ հակամարտութիւնը եւ իր սահմաններուն վրայ անվտանգութեան չգոյութիւնը պէտք չէ ճամբայ հարթեն ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջամտութեան առջեւ՝ շեշտելով իր երկրին սահմանին անվտանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։