Արցախի սահմանին վրայ հայոց բանակը, ի տես ամբողջ աշխարհին, կը պատերազմի ոչ թէ Ատրպէյճանի, այլ Թուրքիոյ դէմ։ Զինուորական թէ դիւանագիտական դաշտերուն վրայ Ատրպէյճանի սպաներուն,  պաշտպանութեան նախարարին, դիւանագէտներուն փոխարէն թրքական իշխանութեան ներկայացուցիչներն ու սպաները կը տեսնենք ամէն օր։ Արցախի դէմ օդային պատերազմը Կարսէն ու Էրզրումէն թրքական սպաները կը ղեկավարեն։ Ատրպէյճան փաստօրէն, անտեսելով իր ժողովուրդին, երկրին ներքին հարցերը, դարձած է Թուրքիոյ նպատակներու եւ ծրագիրներու իրականացման լծակն ու գործիքը։
Այս բոլորին կողքին, Թուրքիա կը փորձէ բանակցային գործընթացը եւս խլել 1992-ին ձեւաւորուած ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահող երկիրներու դիւանագիտական դաշտէն եւ ինք Ռուսիոյ հետ վարել հետագայ բանակցային գործընթացը, բնականաբար իր շահերուն ծառայեցնելու զայն ու Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի թէ Յունաստանի մէջ իր ծաւալապաշտական ծրագիրները ամրագրելու, այս անգամ հարաւային Կովկասի տարածքներու վրայ իր վերահսկողութիւնը բանեցնելով եւ արցախեան հարցը մէկընդմիշտ թաղել փորձելով։
Այս բոլորը Թուրքիան կ’իրականացնէ ոչ թէ դիւանագիտական, այլ  ահաբեկչական բացայայտ միջոցներով։ Միջին Արեւելքէն ետք, Հարաւային Կովկասը ահաբեկիչներու բոյնի վերածելու Թուրքիոյ քայլերը ծածուկ չեն, չէին Սուրիոյ տագնապի իսկ առաջին օրերէն։ Բազմիցս շեշտած էինք, որ Սուրիայէն վերջ, թրքական ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի փոխադրուին Հարաւային Կովկաս։ ՄԱԿ-ին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ ՆԱԹՕ-ին մաս կազմող Թուրքիան խաղաղապահութեան օրէնքներուն եւ միջոցներուն հակառակ ուղղութեամբ կ’ընթանայ, ահաբեկչութիւնը տարածելով եւ ահաբեկիչները առաջնորդելով։
Առաջնորդողն է, փաստօրէն, որովհետեւ ո՛չ սուրիացի, ո՛չ աֆղան վարձկան ահաբեկիչները առնչութիւն ունին արցախեան հարցին հետ, անոնք պարզապէս կը շահագործուին եւ մահուան գիրկ կ’ուղարկուին, քանի որ Թուրքիոյ համար որպէս մարդ, որպէս կարծիք ունեցող էակ նշանակութիւն չունին անոնք, այլ պարզապէս գումարի փոխարէն թելադրանք մը կատարելու եւ մահանալու կ’առաջնորդուին թուրք բարբարոսներու կողմէ։ Ասիկա այլ հարց մըն է, որ պէտք է քննարկուի, թէ ինչպէ՛ս հակամարտութիւններու էութեան հետ առնչութիւն չունեցող արարածներ կ’օգտագործուին ու մահուան գիրկ կ’ուղարկուին Թուրքիոյ կողմէ, իբրեւ թէ որպէս մարտիկներ։
 Եթէ միջազգային ընտանիքը, իբրեւ թէ իր նեղ տնտեսական շահերէն թելադրուած, թոյլ տայ նման ոտնձգութիւններու եւ կրակմարի հաւասար կոչեր ուղղէ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն, առա՛նց ուրուագծելու Թուրքիոյ դերը ահաբեկչական բոյն մը եւս աւելցնելու տարածաշրջանին մէջ եւ բանակցային գործընթացն ու արեւմուտքի դերը ընդհանրապէս չէզոքացնելու, ոչ միայն ամբողջ տարածաշրջանը, հետագային Իրանը եւ Ռուսիան եւս պիտի դառնան Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական շարժումներու պարարտ հող ու բոյն, իսկ խաղաղապահ կազմակերպութիւններու, ուժերու դերը աստիճանաբար պիտի նսեմանայ։ Աւելին? այդ ուժերը գերին պիտի դառնան իսրայէլաթրքական քանդիչ քաղաքականութեան։
 Ներկայիս արեւմտեան երկիրներու, հետագային նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ թուլացնելու թրքական ռազմավարութիւնը  յստակ է, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք անոր փանթուրանիզմի նկրտումներն ու անոնց դիմաց արգելք հանդիսացող կողմերը ոչնչացնելու Թուրքիոյ ներկայ նախագահին նպատակները։
Այս օրերուն, Արցախն ու Հայաստանը կրկին կը յայտնուին Թուրքիոյ ցեղասպանութեան շարունակուող քաղաքականութեան դէմ յանդիման։
Ուստի հայկական զինեալ ուժերուն զօրավիգ կանգնելու կողքին, հասած է պահը պահանջելու Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը։ Միջազգային ճանաչում ունենալով ոչ միայն պիտի ճանչցուին հայկական այս հողին վրայ դարերով ապրած ու քաղաքակրթութիւն կերտած հայ ժողովուրդին իրաւունքները, այլեւ Արցախը պիտի դառնայ ահաբեկչական եռեակին՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ հիմնական պատնէշ մը, որ պիտի խոչընդոտէ նշեալ եռեակին զէնքով, մարդասպանութեամբ, ահաբեկչութեամբ եւ ծաւալապաշտութեամբ հարցեր լուծելու ոճրային ծրագիրները։ Այս իրողութիւնը պէտք է պարզել միջազգային հանրութեան տարբեր հարթակներուն վրայ։
Այս մտահոգութեամբ էր նաեւ որ Արցախի նախագահը միջազգային ընտանիքին կոչ կ’ուղղէր հակաահաբեկչական դաշինք մը կազմելու։
Հայկական դիւանագիտութիւնը, Հայ Դատի գրասենեակները Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքներով հայոց բանակին նեցուկ պիտի կանգնին, խաղաղութեան հաստատումը պիտի ամրագրեն ու պիտի կասեցնեն Հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուող երկրորդ ցեղասպանութեան մը իրականացումը:
«Գ.»