Քանատա

7 Հոկտեմբերին Քանատայի կանաչներու կուսակցութիւնը եւ պատգամաւոր Էլիզապէթ Մէյ դատապարտած են Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ թուրք-ադտրպէյճանական արարքը եւ կոչ ուղղած են քանատական կառավարութեան ՆԱԹՕ-ի հետ աշխատանքներ տանելու` Թուրքիան ճնշելու եւ խնդիրը լուծելու համար:
Նոյն օրը Քեպեքի Խորհրդարանը դատապարտած է «քաղաքացիական անձերու նկատմամբ բռնութիւնը» եւ համերաշպութիւն յայտնած Հայաստանին:
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան Արցախի պատերազմի ծալքերը, թուրք-ատրպէյճանական սադրանքները եւ Քանատայի կառավարութեան կողմէն Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի կասեցման մասին հարցերը ներկայացուց Քանատայի հանրային հեռուստաընկերութեան` CBC-ի Power and Politics հաղորդաշարի ընթացքին:

Եւրոպա
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը բողոքի նամակ յանձնած է Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցին` պահանջելով Աւստրիական իշխանութիւններէն յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայ` անոնց շղթայազերծած պատերազմին վերջ տալու համար:
7 Հոկտեմբերին Եւրոպական Խորհուրդի լիագումար նիստին պատգամաւորներու ճնշող մեծամասնութիւնը` բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններէն , յստակօրէն եւ խիստ կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ դերը հակամարտութեան սրումին մէջ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Ելոյթ ունեցող վաթսուն պատգամաւորէն միայն հինգը իր աջակցութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանին: Բոլոր հինգ պատգամաւորները նախապէս Ատրպէյճանի հետ սերտ կապեր ունեցած են, ոմանք` նեղ անձնական շահեր: Մեծ թիւով եւրապատգամաւորներ շեշտեցին, որ Թուրքիոյ` տարածաշրջանը ապակայունացնող քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Անոնք խիստ քննադատեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հայերու դէմ կռուելու նպատակով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ճիհատիսթներ ուղարկելու համար: Եւրոպական Խորհրդրանէն ներս ընթացող ցոյցի ընթացքին խորհրդարանի շրջակայքին մեր հայրենակիցներու կողմէն բազմազահազարանոց ցոյց տեղի ունեցած է:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբէն յայտնած են, որ Արցախի անկախութեան սատարման եւ Արցախի «Հայկական Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Միացեալ Յարձակումը» դատապարտած են Աւստրալիոյ հրէական համայնքը: Վերջինիս գործադիր խորհուրդի տարածած յայտարարութեան մէջ ի թիւս այլնի նշուած է․ «1991 թ.-ին իր ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութեան քուէարկութիւնէն վերջ Արցախը յայտարարեց իր անկախութիւնը: Այն ժամանակ, երբ Արցախը հասաւ անկախութեան, այդ իրաւունքը բռնութեամբ վիճարկուեցաւ հարեւան Ատրպէյճանի կողմէն իր վրայ ռազմական յարձակման միջոցով: Արցախը յանուն անկախութեան իր պայքարը յաղթեց եւ այն ժամանակէն եղած է կայուն եւ յաջողակ ժողովրդավարական պետութիւն»: