ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ դեսպաններուն այն երկիրներուն, որոնք անդամ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Մարմինը իր նամակին մէջ բուռն կերպով քննադատեց 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի` Թուրքիոյ աջակցութեամբ ու Սուրիայէն եւ Լիպիայէն վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ շղթայազերծած յարձակումը, որուն ընթացքին թեւաւոր հրթիռներով թիրախ դարձուց Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ այլ քաղաքներու բնակիչները: Հայ Դատի մարմինը ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ միջազգային ընտանիքի անմիջական զինադադար հաստատելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու ջանքերը, սակայն նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները այդ ջանքերուն պատասխանած են ռազմատենչ յայտարարութիւններով` այդպիսով մերժելով տագնապներու խաղաղ լուծման սկզբունքը: «Միջազգային ընտանիքը պէտք է աւելի վճռական եւ խիստ կեցուածք որդեգրէ Ատրպէյճան¬Թուրքիա¬ահաբեկչական վարձկաններ եռանդամ դաշինքին դէմ», նշեց մարմինը:
Հայ դատի մարինը յայտնեց, որ 1994-ին Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած զինադուլի եռակողմ համաձայնագիրին ստորագրումէն ի վեր ազրպէյճանական կողմը շարունակ խախտած է զայն, եւ մինչեւ հիմա ատոր մեծագոյն օրինակը 2016-ի քառօրեայ պատերազմն էր: «Եթէ միջազգային ընտանիքը յարձակումի հեղինակ Ազրպէյճանը զսպած ըլլար, այսօր անմեղ կեանքերու կորուստներ պիտի չարձանագրուէին: Պատասխանատու մարմիններուն կոչ կ՛ուղղենք մտահոգութիւն արտայայտելէ անդին երթալու եւ կասեցնելու Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յարձակումը», նշուած է նամակին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը իր նամակին մէջ ընդգծեց. «Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Աւելի՛ն, այս հնադարեան շրջանը հայկական պատմական հող է եւ երբեք ալ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, որ 1918-ին ստեղծուած է. պատմական իրողութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու, թէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` միջազգային օրէնքի կարեւորագոյն սիւնը, այս տագնապի լուծման համար գերակայ սկզբունք մըն է եւ իբրեւ այդպիսին կարելի չէ զայն անտեսել»:
«Պաքուի` Ատրպէյճան¬Լեռնային Ղարաբաղ տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու մերժումին լոյսին տակ, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պիտի նկատուի միջազգային ընտանիքին հաւաքական նպաստը շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պայմաններ պիտի ստեղծէ մնացեալ հարցերը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու համար: Ուստի, միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը: