«Հորիզոն».-Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբը՝ կուսակցական, միութենական, եկեղեցական եւ յարանուանակն, կազմակերպեցին ցոյց-քայլարշաւ մը, ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «ARTSAKH STRONG, CALL TO ACTION» լոզունքը, որ սկիսբ առաւ Փոխ Վարչապետի գրասենեակէն եւ ապա, ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան:

Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող ցոյցին ներկայ էին եկեղեցականներ, կուսակցական ու միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Քանատայի Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանն ու Թորոնթոյի ՀՀ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեանը:
Քայլարշաւը սկսաւ Քանատայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին նահատակ հայ զինուորներուն: Հանդիսավարներն էին Հուրիկ Եղիազարեանն ու Վարագ Պապեանը:
Ելոյթ ունեցան՝ Արմինիա Սարգիսեանը, Ատոմ Էկոյեանն ու Արսինէ Խանճեանը, Հայր Եղիա Քիրէճեանը (Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ), Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեանը, Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Զարկարեանը (Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի), Գնատայի երիտասարդական Միութեան կողմէ Սագօ Գըլպոզեանն եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանը, որոնք դատապարտեցին ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, յանուն թորոնթոհայութեան իրենց ամբողջական զորակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, եւ կոչ ուղղեցին Քանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան ու դատապարտեն թուր-ատրպէյճանական բռնարարքները:
Այնուհետեւ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ Քիւսպէկեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:
Քայլարշաւը յագեցած էր հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով:
Յանուն Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբին, փակման խօսքը կատարեց Ռուբէն Ճամպազեան, որ խրախուսեց ներկաները բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալու Արցախի ու հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն:
Քանատահայ երիտասարդները կը շարունակեն նստացոյցերը Մոնթրէալի մէջ
ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութիւնը, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնն ու Մոնթրէալի հայ համալսարանական ուսանողական միութիւնները 9 Հոկտեմբերին շարունակեցին բողոքի նստացոյցերը քանատական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու առջև, նստացոյց կատարելով Global News եւ Montreal Gazette լրատուամիջոցներու գրասենեակներուն դիմաց։ Երիտասարդները պահանջեցին դատապարտել թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակումը Արցախի վրայ եւ ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։

ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութիւնը նստացոյց կատարեց վարչապետ Թրուտոյի գերատեսչական գրասենեակին առջեւ
9 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան անդամները Օթթաուայի մէջ նստացոյց կատարեցին Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի գերատեսչական գրասենեակին առջեւ, պահանջելով, որ Քանատայի կառավարութիւնը յստակօրէն կ՚ողմնորոշուի Արցախի վրայ կատարուող ռազմական գործողութիւննփրուն առնչութեամբ եւ դատապարտէ Անգարայի ու Պաքուի յարձակողապաշտ վարքագիծը։
Նստացոյցի մասնակիցները վարչապետին ուղղուած նամակ մը հրապարակեցին, որուն մէջ յատկապէս կը շեշտուի, որ Քանատայի կառավարութիւնը զերծ մնայ չէզոք դիրքորոշումէ եւ պաշտօնապէս կասեցնէ Թուրքիոյ քանատական ռազմական սարքերու վաճառքը եւ միաժամանակ Անգարայէն պահանջէ թրքական ռազմական սարքերու հակամարտութեան տարածքէն դուրսբերումը։