ՏԵՂԱԿԱՆ
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն
– Կիրակի առաւօտ Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հեծելանիւի մարաթոն մը, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրէ աւելի մարզիկներ:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը կատարեց 2020-2021 տարեշրջանի Սուրիոյ Ա. դասակարգի մրցաշարքի վիճակահանումը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Նապիլ Մաալուլ վերադարձաւ Դամասկոս, եւ յայտարարեց խաղացողներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ուսումնամարզական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Դամասկոս:  Նշենք որ Իմարաթի մէջ նախապէս որոշուած ուսումնամարզական հաւաքը չեղեալ եղաւ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի յարձակողական խաղացող Ումար Խուրէյպին ստացաւ առաջարկ մը Եգիպտոսի Զամալէք խումբէն, յառաջիկայ տարեշրջանին միանալու կազմին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Ըմբշամարտիկ Գեղամ Թորգոմեանը Կամաւոր Մեկնեցաւ Արցախ
Ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան փոխախոյեան Գեղամ Թորգոմեանը, որ ներկայիս մաս կը կազմէ  Հայաստանի ըմբշամարտի երէցներու  հաւաքականին, կամաւորագրուեցաւ եւ մեկնեցաւ Արցախ։ Այդ մասին պաշտօնապէս յայտարարեց  Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնութեան դիմատետրի էջը: Մինչ այդ ֆետերասիոնը յայտարարած էր, որ ֆետերասիոնի անձնակազմը, մարզիչներն ու մարզիկները արիւն կը նուիրեն՝ հայ զինուորին օգնելու համար, իսկ նախագահ Ռոպէրթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ յառաջիկային առաջնագիծ պիտի մեկնին  անհրաժեշտութեան պարագային:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Թոթենհամ Չախչախեց Մանչեսթըր Իւնայթըտի Դարպասը
Անգլիայի ախոյեանութեան չորրորդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Իւնայթըտը ծանր պարտութիւն մը կրելով,   յաղթանակը զիջեցաւ Թոթենհամին: Հանդիպումի 15-րդ վայրկեանին մանչեսթըրի կազմէն Անթոնի Մարտիալը կարմիր քարդով դուրս եկաւ մրցումէն, ուր հիւրընկալ խումբը ստիպուեցաւ հանդիպումը շարունակել նուազ խաղացողով: Նշենք թէ Մանչեսթըր մինչ օրս ունի երեք կէտ, եւ կը գրաւէ աղիւսակին  17-րդ դիրքը: Լոնտոնի Լիվըրփուլը դարձեալ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը Իսթոն Վէլլա խումբէն: Լիվըրփուլի միակ կոլը նշանակեց Մուհամմէտ Սալահը 33-րդ վայրկեանին, իսկ յաղթական խումբին կոլերը նշանակեցին Օլի Ուաթքէնզ 4-23-39-րդ վայրկեաներուն, իսկ Ճոն Մաքճինը 35-րդ վայրկեանին: Նշենք թէ հանդիպումի բոլոր կոլերը արձանագրուեցան առաջին կիսախաղին:
Լիվանտովսկին Պարտութեան Մատնեց Հերթա Պերլինը
Իր կազմին մէջ  Լիվանտովեսկին ունեցող խումբը, կարելի չէ որ ձախողութեան ենթարկուի: Կիրակի օր Պայէրն Միունեխի եւ Հերթա Պերլին խումբերուն միջեւ կայացած հանդիպումը աւարտին հասաւ 4-3 արդիւնքով ի նպաստ Պաւարիոյ խումբին: Յաղթական խումբին չորս կոլերուն հեղինակը դարձաւ Լիվանտովեսկին, որ յաջողեցաւ մրցակիցին դարպասը ցնցել զանազան առիթներով: Պաւարեան խումբին հետ մաս կազմած 98 մրցումներու ընթացքին, Լիվանտովեսկին նշանակած է 103 կոլեր: Նշենք թէ անցեալ տարուան ախոյեանութեան սոյն խաղացողը դարձաւ կոլ սկորիստ, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ Գերմանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան