Մեր երկրաւոր կեանքը ժամանակաւոր է: Կարճատեւ ընթացք մը, “որ ժամանակ մը կ`երեւի եւ ապա կ`աներեւութանայ”:(Յկ 4:14) Հողեղէն արարածներս մահուան օրէնքին ենթակայ ենք: Մարդուն մահուան դատապարուիլը աստուածային վճիռ մըն է: Աղօթողը Տիրոջ կ`ըսէ. “Արարածներդ չկրցան դէմ դնել քու հրամանիդ”: Ոչ ոք կրնայ պատկերացնել թէ երբ պիտի մեկնի այս վաղանցուկ աշխարհէն: Հողին դառնալու օրը անյայտ է մեզի համար: Յաճախ ներկայ կ`ըլլանք թաղման արարողութեան եւ սուգի մթնոլորտին ընդմէջէն աւելի կը պարզուի մեր պանդխտութեան տարիներու պատկերը: Առաքեալին խօսքերով. “Որովհետեւ հոս` այս աշխարհին մէջ մնայուն քաղաք մը չունինք, այլ` գալիք երկնաւոր քաղաքն է որ կը ցանկանք”: (Եբր 13.14)
Շարականին մէջ “Վերին Երուսաղէմ” բառերը յիշուած են, որպէսզի լաւապէս ըմբռնենք, թէ երկնաւոր քաղաքին բնակիչ ըլլալու կանչուած ենք: Ուստի, ” Վերին Երուսաղէմ”ն է այն “անձեռագործ” բնակարանը, որուն մասին առաքեալը կ`ըսէ. ” Այնուհետեւ Տիրոջ հետ պիտի ըլլանք յաւիտեան” (Ա.Թս 4.17)
Այս կարճ խորհրդածութեան լոյսին տակ կը յիշենք հանրածանօթ երգիչ հանգուցեալ Մովսէս Թօփճեանը: Երգարուեստի աշխարհին փայլուն աստղը եւ պտղատու ծառը: Շրջապատին նկատմամբ հաղորդական, գործակիցներուն հետ սիրալիր եւ սուրիահայութեան համար անմոռաց դէմք մը, որ շահեցաւ խոր յարգանք: Ոչ միայն հայ համակիրները վայելեցին անոր ջերմ ներկայութիւնը, այլ` տարբեր շրջանակներէն մարդիկ լսեցին անոր շնորհքով խօսուն ձայնը եւ մօտէն ճանչցան զինք որպէս աստուածավախ եւ բարեպաշտ անձնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ վայելուչ արտաքինով յարգելի հայորդի:
«Երազային Հալէպ»ի երանելի օրերուն, երգիչ Մովսէսին հռչակը տարածուած էր երկրիս զանազան նահանգները: Ան օտար լեզուներով կ’երգէր ապրումով եւ տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ: Յատկութիւն մը, որ կ`ենթադրէ ձգտում եւ լաւագոյնը ներկայացնելու վճռակամութիւն: Իր բազմաթիւ ելոյթներուն յունարէնով ալ կ`երգէր եւ ազդեցիկ առոգանութեամբ ուկնդիրները կը տպաւորէր: Տօնական օրերուն կամ ուրախալի առիթներուն խանդավառ տրամադրութեամբ ամէնուն ուրախակից դառնալու կը հրաւիրէր: Երգելը իր կեանքի մշտադալար ուղին էր: Ի վերուստ օժտուած էր երգելու շնորհքով: Ինք սիրոյ մղումով աճեցուց այդ աստուածային ձիրքը կէս դար շարունակ: Արուեստի բարձր ճաշակով, բարոյական սկզբունքով եւ պանծալի երթով արժեւորեց երգիչ ըլլալու հանգամանքը:
Գործի բերումով ճամբորդեց զանազան գաղութներ եւ օտար ափեր, բայց մշտապէս մնաց եկեղեցասէր եւ աւանդապահ: Հոգեւոր արժէքներով ներաշխարհը հարստացուց: Շնորհիւ իր ստացած քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան ունեցաւ առաքինի ապրելակերպ: Ան 1974-էն եղած է հաւատարիմ անդամը Սուրիոյ Արուեստագէտներու Միութեան, որպէս գնահատանք իր վաստակին պարգեւատրուեցաւ 2020-ին յիշեալ միութեան կողմէ:
Տարբեր նուագարաններ գործածելու, երաժշտական յօրինումներ կատարեկու եւ նուագախումբեր հիմնելու ատակ էր Մովսէսը: Ուշագրաւ երգիչ դարձած էր իր պատուաբեր իրագործումներով:
Շատ անգամ մարդուս նկարագիրը կը չարափոխուի, երբ իր հասցէին լսէ հրապարակային գովքեր: Հեզութեամբ եւ պարզութեամբ ապրիլը հարազատ հայելին է աստուածավախ մարդուն: Այդպիսին թարգմանն է առաքեալին հետեւեալ խօսքերուն. “Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք”: ( Հռ 12.16)
Հանգուցեալ երգիչ Մովսէսը աշխարհէն փառք չակնկալեց, փորձեց մնալ զուարթերես եւ եռանդուն, նոյնիսկ երբ մարմինով սկսած էր քայքայուիլ: Իր կեանքի վերջալոյսին պատրաստ էր հրաժեշտ տալու այս ժամանակաւոր կեանքին: Աղօթքով եւ խոստովանութեամբ իր հոգին Տիրոջ ձեռքերուն մէջ յանձնելու առիթը ունեցաւ: Իրեն վստահուած տաղանդին արժէքը գիտցաւ: Աստուծոյ բիւր բարիքները մտաբերելով գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ եւ ընտանեկան սրբութիւնը պահելու համար իր կողակիցին հետ փոխադարձ սիրով եւ նուիրումով ապրեցաւ: Ամուսնական կեանքի պտուղները` Ներսէսը եւ Ալինը դարձան ջահակիրները իրենց հօր: Անոնք իրենց հօրը օրինակին հետեւելով կը քալեն երգարուեստի լուսաշող եւ խորհրդաւոր ճանապարհէն:
Ի վերջոյ, շնորհքը աստուածային “դրամագլուխ” է, երբ օգտագործենք բարիին համար կը կոչուինք իմաստուն տնտես, իսկ եթէ անտարբերութեամբ վատնենք մեր մէջ սերմանուած շնորհքները` կը սնանկանանք բարոյապէս, հոգեպէս, նոյնիսկ` նիւթապէս:
Թող Աստուած հանգուցեալ երգիչ Մովսէսին արքայութեան արժանի ընէ եւ մնացողաց Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը պարգեւէ:
Յիշատակն է անթաղելին, գործն է գովելին եւ գործին արձագանգն է եզակին:

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան