Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Մուսթաֆա Զապպունի նախագահութեամբ յորդանանեան ժողովրդային պատուիրակութիւն մը ժամանեց Ամմանի սուրական դեսպանատուն եւ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցները:
Պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ թշնամիները կը սպառնան ժողովուրդին կեանքին եւ կը ջանան ժողովուրդը զրկել անգամ իր օրապահիկէն: Այդպիսի ուժեր ձաղոխութեան մատնուեցան զինուորական պատերազմին մէջ, այս իսկ պատճառով ներկայիս Սուրիոյ տարբեր շրջաններ հրդեհի կը մատնուին նման ուժերու ձեռագիրով, որպէսզի քանդեն երկրին տնտեսութիւնը:
Պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց Սուրիոյ ժողովուրդին պայքարը, Սուրիոյ իմաստուն ղեկավարութիւնը եւ սուրիական բանակին յաղթանակները, յայտնելով Յորդանանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ եւ հաւատալով որ Սուրիան պիտի յաղթահարէ ահաբեկչութիւնը եւ տնտեսական պատժամիջոցները:
Իր կագին, Ամմանի Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Շաֆիք Տայյուպ յայտնեց, որ Սուրիան իր ազգային կեցուածքներուն համար ենթարկուեցաւ ահաբեկչական պատերազմի, յատկապէս Պաղեստինի դատին առնչուող իր կեցուածքներուն համար: