«Երկիր».-Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ 12 Հոկտեմբերին վաղ առաւօտեան ատրպէյճանական զինեալ ուժերը դարձեալ սկսած են մարտական գործողութիւնները:
Ան դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները Ատրպէյճանը բացարձակապէս չէ կատարած, եւ պատրաստուած կատարելու: Ըստ այդմ` Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, որ պատրաստակամ եղած են այդ պայմանաւորուածութիւնները կատարելու, լիովին կեղծիք են:
«Զանազան պատճառներով մշտապէս կը փորձեն ապակայունացնել վիճակը եւ սանձազերծել մարտական գործողութիւններ: Վաղ առաւօտէն դարձեալ սկսած են յարձակողական գործողութիւնները երեք-չորս ուղղութիւններով: Մասնաւորապէս, Մարտակերտի ուղղութեամբ կիրառուած են ծանր հրետանային միջոցներ: Ամբողջ օրուան ընթացքին Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերու ռազմաօդային ուժերը, թրքական օդուժի պատսպարման, հետախուզական եւ կառավարման կէտերու աջակցումին տակ կիրառելով բազմատեսակ մարտական ԱԹՍ-ներ, կատարած են 36 մարտական թռիչք, որոնց ընթացքին հիւսիսային ուղղութեամբ մեր ՀՕՊ-ին յաջողած եւ խոցած է 1 ՍՈՒ-25 գրոհիչ: Օրուան ընթացքին տարբեր ձեւերով մարտական գործողութիւնները շարունակուած են նաեւ հարաւային ուղղութեամբ` զրահաթեքնիքայի, հրետանիի եւ այլ միջոցներու կիրառութեամբ: Հադրութ քաղաքի ուղղութեամբ տիւերսիոն-հետախուզական գործողութիւնները կանգնած են, ետ շպրտուած է հակառակորդը: Հադրութ քաղաքը կը գտնուի մեր զինեալ ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ»,մանրամասնեց ան` աւելցնելով, որ գիշերային ժամերուն մարտական գործողութիւններու որոշակի թուլացում տեղի կ’ունենայ, եւ որ թշնամին փորձելով պատսպարուած է մեր զինեալ ուժերու հարուածներէն, գիշերային ժամերուն փորձած է զօրքերու վերախմբաւորում, համալրումներ իրականացնել, որ վաղ առաւօտեան վերսկսի յարձակողական գործողութիւնները: