«Արմէնփրէս».-  Պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ներկայացուց, թէ ինչու Ատրպէյճան չի կատարեր գերիներու եւ դիակներու փոխանակման իր պարտաւորութիւնը: Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ գերիներու եւ մարմիններու դուրս բերում կատարուա՞ծ է, թէ ոչ, Յովհաննիսեան պատասխանեց.
«Գերիներու եւ դիակներու փոխանակումը պէտք է իրականացուի միջազգային համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն երաշխաւորութեամբ, որոնք պէտք է մտնեն մարտական գործողութիւններու վայր, սակայն Ատրպէյճան բացարձակապէս չ’ուզեր իրականացնել այս մէկը եւ չ’ընդունիր անոնց»: