Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կասեցնել Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութեամբ եւ Սուրիայէն ու Լիպիայէն Ատրպէյճան բերուած զինեալ ահաբեկիչներուն միջոցով, ընդգծելով, որ Ատրպէյճան շրջանին մէջ դարձած է միջազգային ահաբեկչութեան օճախ:

«Իրավիճակը արդէն դարձած է անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք մեր ամբողջ շրջանին համար: Այն, ինչ որ այսօր կ՛ունենան մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, գոյութենական վտանգի մարմնացում է: 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ, այդպիսով ցուցադրելով իր նպատակը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ռազմական ճամբով լուծման եւ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական ոչնչացման առումով: Այս յարձակումը կը յատկանշուի անով, որ առկայ է Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը, կան նաեւ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն Ատրպէյճան տեղակայուած զինեալ ահաբեկիչներ, որոնց Թուրքիան կ՛օգտագործէ իր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շահերուն համար: Ատրպէյճան դարձած է շրջանին մէջ միջազգային ահաբեկչութեան օճախ: Այսօր մեզի համար անհրաժեշտ է դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները, այդ հարցով Ռուսիոյ դերը բաւական կարեւոր է», շեշտեց Մնացականեան:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան չի գործադրեր 8 Հոկտեմբերին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն շուրջ 11 ժամ տեւած հանդիպման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:

«Այսօր առաջնահերթ խնդիրը կրակի դադրեցման ապահովումն է եւ վաւերականութեան մեքանիզմներու ապահովումը: Մենք դեռ չենք հասած այն մակարդակին, որ կարենանք ապահովել մեր յայտարարութեան առաջին կէտը: Այսօր խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան եւ կողմերուն հետ, որպէսզի կարենանք գտնել մեքանիզմ, երբ կարենանք հասնիլ ամուր զինադադարի, որպէսզի աշխատինք մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ: Եթէ մենք չկարենանք երկարաձգել զինադադարը, ապա ատիկա չափազանց բացասական պիտի անդրադառնայ մնացած այլ հարցերուն վրայ», ըսաւ Մնացականեան` շեշտելով, որ այդ մեքանիզմները վաղուց պէտք է ներդրուած ըլլային, սակայն Ազրպէյճան միշտ մերժած է զանոնք եւ հրաժարած անոնցմէ:

Ան նաեւ խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքացիները ռմբակոծելու երեւոյթին մասին: «Ատրպէյճան այսպիսի ցեղասպանական քայլերով տարբերութիւն չի դներ զինուորականներու եւ խաղաղ բնակչութեան միջեւ: Ըսեմ աւելին` ան միտուած է աւելի շատ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման: Ռազմական յարձակումներու ընթացքին Ատրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի աւելի քան 120 քաղաքացիական բնակավայրեր: Այդ կարգին` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշի քաղաքը, Հատրութը, Մարտակերտը, Մարտունին եւ այլն: Թիրախաւորուած քաղաքացիական բնակավայրերուն մէջ զինուորական կառոյցներու բացակայութիւնը անգամ մը եւս կը խօսի Ատրպէյճանի նպատակադրուած քայլերուն մասին, ինչ որ հաւասար է ռազմական յանցագործութեան», նշեց նախարար Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախին հասցուած օդային, հրետանիի, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածները կ՛իրականացուին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն անմիջական աջակցութեամբ:

«10 Հոկտեմբերի դրութեամբ` Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եւ անոր աջակցող ուժերուն կողմէ սպաննուած է 23 քաղաքային անձ եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են, անոնցմէ 81-ը` ծանր: Յարձակումին պատճառով մեծցած է տեղահանուածներուն թիւը, անոնց մէկ մասը տեղափոխուած է Արցախի այլ բնակավայրերը, ոմանք տեղաւորուած են Հայաստան: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւս ծանր վնասներ կրած են: 8 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը երկու հարուած հասցուցած են Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ», յայտնեց նախարարը:

Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ, իսկ Հայաստանը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարցի խաղաղ լուծման կողմնակից: