Նախորդ շաբաթ, սուրիական եւ արաբական մամուլը լայն տեղ յատկացուց Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ բռնկած հրդեհներուն, որոնք սկիզբ առին Սուրիոյ արեւմտեան բաժինէն հասնելով հիւսիս՝ դէպի թրքական սահման, որմէ ետք հասան լիբանանեան հողեր: Հրդեհները տեղի ունեցան Հոմսի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ լեռնային այլ արուարձաններու մէջ, ինչպէս Ճապլէ, Մաշթա ալ Հլու, Սաֆիթա, Թալքալախ, Պալլորան, հասնելով Քրտահայի լեռնային շրջանները: Սուրիական պաշտօնական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ հրդեհներու պատճառով շուրջ 4 զոհ արձանագրուեցաւ, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ խեղդուած պարագաներ, որոնք շնչահեղձ եղան հրդեհէն յառաջացած ծուխերը շնչելով: Հրդեհները ահաւոր վնասներու մատնեցին գիւղատնտեսական տարածքները եւ այգիները, որոնք բոլորովին բռնկեցան: Հրկիզուեցան նաեւ գործարաններ եւ կառոյցներ քանդուեցան: