(09-14 Հոկտեմբեր 2020 թ․)
Անցնող օրերու ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախմբերն ու գրասենեակներն իրականացուցած են առաւելապէս քարոզչական-տեղեկատուական բնոյթի աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպած կամ աշխուժօրէն մասնակցած են տարբեր բնոյթի ցոյցերու, հանրահաւաքներու եւ երթերու:
Տարբեր լեզուներով սփռուած են մեծ քանակով տեղեկատուական նիւթեր, որոնք օտարազգի լսարանին ներկայացուցած են Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած զինադադարի խախտումով ատրպէյճանական յարձակումները խաղաղ բնակչութեան, մշակութային հաստատութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու վրայ:

Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 8-11 Հոկտեմբերին Մոնրէալի մէջ իրականացուցած է բողոքի եռօրեայ ցոյցեր, որոնցմէ առաջին երկուքը տեղի ունեցած են քանատական CBC ռատիօկայանին եւ Global Gazette յայտնի լրատուամիջոցներուն առջեւ:
10 Հոկտեմբերին բողոքի ինքնաշարժով երթ կազմակերպուած է Մոնրէալի եւ Լաւալի ինքնաշարժային ճանապարհներուն վրայ: Բողոքի ցոյցեր կատարուած են նաեւ Օթաուայի մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանա-թրքական արարքը դատապարտած է Քանատայի յունական քոնկրէսը` քանատական կառավարութեան ու խորհրդարանական ուժերուն կոչ ուղղելով իրենց կարգին դատապարտած են, նկատելով, որ ատրպէյճանական յարձակման թիկունքը կանգնած է Թուրքիան` Էրտողանի ծաւալապաշտական քաղաքականութեամբ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը գոհունակութեամբ ընդգծած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆ․ֆ․ Շամփայնի հասցէական այն յայտարարութիւնը, որ Թուրքիան եւ այլ ուժեր պէտք է դուրս մնան Ղարաբաղեան հակամարտութենէն: Այս օրերուն պատգամաւոր Պրայեան Մէյի կողմէ երաշխաւորուած եւ յանձնախումբի կողմէն աշխուժօրէն քաջալերուած է խնդրագիր մը (petition), որ քանատական կառավարութեան կոչ ուղղած է դատապարտել շարունակուող արարքը, արգիլել զէնքի վաճառքը եւ պաշտպանել Արցախի քաղաքացիական բնակչութիւնը:
Քանատայի հայ համայնքին եւ Հայաստանին անվերապահօրէն սատարում յայտնած եւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման կոչ ուղղած է Լաւալի Խորհրդարանի անդամ Ֆ․ ԷԼ Խուրին:

Ամերիկա
Քարոզչական եւ տեղեկատուական բնոյթի աշխատանքներուն մէջ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակը մեծ ծաւալով կ’իրականացնէ մետիա-մոնիթորինկ` ԱՄՆ հասարակական-քաղաքական եւ հանրային շրջանակներուն համար վեր հանելով ատրպէյճանական քարոզչութեան կեղծիքները: Բացայայտուած եւ վեր հանուած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի համար մասնաւոր լոպպիստական ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու աշխատանքը եւ անոնց բազմատեսակ բնոյթը: Յանձնախումբը կը շարունակէ քաջալերել ամերիկահայութիւնը, հանրային անհատական մակարդակներու վրայ աշխատելով եւ ճնշումներ գործադրելով իրենց տարածքներէն ընտրուած օրէնսդիրներուն վրայ` Ատրպէյճանին ամերիկեան օգնութեան տրամադրումը եւ զէնքի վաճառքը բացառելու եւ այլ բաներու մասին:
Յանձնախումբէն նաեւ յայտնած են, որ քոնկրէսական Պրետ Շերման ԱՄՆ Global Magnitski-ի մէջ նախաձեռնած է գործընթաց, որուն նպատակն է պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի բարձրաստիճան ղեկավարներուն նկատմամբ, որոնք մեղաւոր են Արցախի ողջ տարածքին հայ խաղաղ բնակիչներուն դէմ ռազմական յանցագործութիւններուն մէջ: Global Magnitski շարումը գործադրութեան դրուած է 2016թ․եւ թոյլ տուած է մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու եւ փտածութեան մէջ ներգրաւուած անձերուն հանդէպ կիրառելով պատժամիջոցներ, ինչպիսիք են տնտեսական գործարքներու մերժումը, գործուններու սառեցումը, ճամբորդութեան սահմանափակումը եւ այլն:

Եւրոպա
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ աշխատանքները համաեւրոպական մակարդակի վրայ` Եւրոպական Միութեան ղեկավար կառոյցներուն հետ, որպէսզի իր կարողութիւններով կանխէ ատրպէյճանաթրքական տանդեմի ապակողմնորոշիչ գործունէութիւնը եւ իրական փաստերու նենգափոխումը: Այս օրերուն Եւրոպական Միութեան անդամ գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ հայութեան կողմէ կազմակերպուած են բողոքի խաղաղ նախաձեռնութիւններ եւ տարբեր շարժումներ: Օրինակ, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցով հայ համայնքին համերաշխութիւն յայտնած եւ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտած է Խորհրդարանի ստորին պալատի 25, իսկ ծերակոյտի 3 պատգամաւորներ:
13 Յուլիսի երեկոյեան բողոքի մեծ ցոյց կատարուած է Փարիզի մէջ, որուն նոյնպէս միացած էին Ֆրանսայի հասարակական-քաղաքական շրջանակներու երեւելի ներկայացուցիչներ, ցոյցին մասնակցած են աւելի քան 7500 ֆրանսահայեր: Հիմնական պահանջը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն էր, որպէս Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան կարեւորագոյն գործօն:

Աւստրալիա
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբէն յայտնած են, որ աւստրալահայ համայնքին համերաշխութիւն յայտնած է եւ ատրպէյանական յարձակումը դատապարտած է Սիտնիի լիբանանական համայնքը: Վերջինս սիտնիաբնակ լիբանանցիներուն նաեւ կոչ ուղղած է հանգանակութիւն կատարել «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի համապատասխան հաշւոյն:
Յանձնախումբը կը շարունակէ գործուն աշխատանքներ կատարել ինչպէս քաղաքական-յարաբերական հարթութեան, նաեւ լրատուական տիրոյթին եւ ներհամայնքային կեանքին մէջ: