«Երկիր».- ԱՄՆ պետքարտուղար Մայքլ Փոմփէօն 14 Հոկտեմբերին հեռաձայնային ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիան իր աջակցութիւնը ապահոված է Ատրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին, եւ Ուաշինկթըն կոչ ուղղած է չընել նման բան:
«Մենք կը տեսնենք, որ Թուրքիա սկսած է իր աջակցութեամբ ապահովել Ատրպէյճանը: Մենք դիմած ենք բոլոր միջազգային խաղացողներուն, որպէսզի անոնք չմիջամտեն տարածաշրջանի իրավիճակին», ըսած է Փոմփէօն: