«Ակունք».-Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի` (ԹԱՄԺ) Մարդու իրաւունքները քննող յանձնաժողովի ենթակայութեան տակ ենթայանձնաժողով մը հիմնուած է, որուն նպատակն է քննել «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու ընթացքին արձանագրուած մարդու իրաւունքներու խախտումները»:
Աղբիւրին փոխանցումով` սոյն ենթայանձնաժողովը պիտի ուսումնասիրէ նաեւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն վիճակը ներկայ պայմաններուն մէջ: Յիշեալ յանձնաժողովի նախագահը, անդրադառնալով իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում (AKP), ինչպէս նաեւ` Ազգայնական Շարժում (MHP) կուսակցութիւններուն անդամ պատգամաւորներու առաջարկով ստեղծուած այս ենթայանձնաժողովի գործառոյթներու հարցին, յայտնած է, որ ենթայանձնաժողովի իրաւասութիւններու շրջանակին մէջ կը մտնէ արտասահմանեան երկիրրներու մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ` տուեալ երկիրներու օրէնսդիրներուն ուշադրութիւնը նման հարցերու վրայ հրաւիրելը:
Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութէան յանձնաժողովի փոխնախագահ` Ժողովրդահանրապետական կուսակցութէան (CHP) ցուցակով ընտրուած պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուն շեշտած է, որ իրենք կողմնակից են, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յառաջացած այս հարցին խաղաղ լուծում տրուի, արձանագրած է նաեւ, թէ իրենք կողմ են սոյն ենթայանձնաժողովի ստեղծման:
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութէան (HDP) անդամ պատգամաւորներէն Կիւլիստան Քըլըչ Քոչյիղիթը, ընդգծելով Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ ուղղուած ատելութեան արշաւէն հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ յիշեցուցած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հրահրողները արդէն 14 տարի է չեն բացայայտուած, եւ աւելցուցած է.
«Պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ մերժելի դարձնել մեր երկրի մէջ հայ ժողովուրդին ամէն օր վիրաւորող, մինչեւ իսկ մեր պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ սպառնալիքներու հասած արտայայտութիւններու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ` հանրային շրջանի մէջ հայերու դէմ ատելութիւն հրահրող արտայայտութիւնների կիրառումը»:
Նոյն` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ընտրացուցակով ընտրուած պատգամաւորներէն Օմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլուն իր կարգին յայտնած է․
«Կ’ըսէք` ուսումնասիրենք Թուրքիոյ մէջ հայերու իրաւազուրկ վիճակը: Հարց կը յառաջանայ, թէ որքա՞ն անկեղծութիւն կայ այդ առաջարկին մէջ: Քանի որ արդէն 14 տարի անցած է եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան բացայայտման գծով ոչ մէկ քայլ ձեռնարկուած է»:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան