«Երկիր».- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան 14 Հոկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիան արգիլած է իր օդային տարածքով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն 100 թոննոց մարդասիրական օգնութիւնը հասցնել Հայաստան:
«Այս օրերուն աշխարհի տարբեր երկիրներէն` Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Ուքրանիայէն, եւրոպական երկիրներէն, Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն Հայաստան փոխանցուած է մօտաւորապէս 700 թոննոց մարդասիրական օգնութիւն, եւ այս օգնութիւնը կը շարունակուի: Նաեւ 100 թոննոց օգնութիւն կայ, որ պատրաստ է ԱՄՆ-էն գալ Հայաստան, սակայն Թուրքիան արգիլած է իր օդային տարածքով, նոյնիսկ, մարդասիրական օգնութիւն հասցնելը, որուն հետեւանքով այս թռիչքը յետաձգուած է», ըսաւ Սինանեան: