Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը պահող անկիւնադարձային տօն է: Հայ գիրերու գիւտով հայ ժողովուրդը նախադրեալներ ունեցաւ թարգմանական շարժումին զարկ տալու եւ այդպիսով պահպանելու մեր ազգային-հոգեւոր արժէքները:
Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնը հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամներ Տիար Յովսէփ Գասապեանի, Տիար Յարութ Չամիչեանի եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Օրուան Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը եւ Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած հոգեթով շարականները մատուցեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, առաջնորդութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Գօգօ Սրկ. Տէր Վարդանեանի:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին խորհուրդը, բնաբան ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի (7.7-8) համարները, թելադրելով, որ հետամուտ ըլլանք փնտռելու յաւիտենական ճշմարտութիւնները, որոնք Քրիստոսի Աւետարանին ընդմէջէն կը յայտնուին մեզի: Սրբազան Հայրը բնաբանը կամրջելով Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մատնանշեց Սուրբ Հոգիէն բխող արժէքները, որոնք մարդուն կարողութիւն կու տան ճանչնալու իր Արարիչը, աստուածգիտութեամբ զօրանալու, բոլոր տեսակի ախտերէն բժշկուելու եւ դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդուելու:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ոսկեդարու անկիւնադարձային հանգրուանը լուսարձակի տակ առնելով յայտնեց, թէ հայ ազգի առաջին զէնքը հանդիսացաւ քրիստոնէական հաւատքը, որուն միջոցով ան յաջողեցաւ պայքարիլ բոլոր թշնամիներուն դէմ, սակայն Ե. դարուն մեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարները անդրադառնալով երկրաւոր ուժերուն դէմ դնելու անհրաժեշտութեան, հաւաքական ճիգով բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որ Սուրբ Հոգիի ներշնչումով կատարեց հայերէն գիրերու գիւտը:
«Հայերէն այբուբենը, որպէս ազգային զէնք անգամ մը եւս ամրապնդեց մեզ՝ մեր քրիստոնէական եւ ազգային առաքելութեան մէջ: Քրիստոնէական հաւատքի եւ այբուբենի զէնքերով դարեր շարունակ առանց ընկրկումի կարողացանք գոյատեւել եւ մեր հոգեմտաւոր ու բարոյական արժէքները փոխանցել նոր սերունդի զաւակներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Մասիս Սրբազան նշեց, թէ պայքարի նոյն միասնական ոգիով այսօր եւս Արցախի շուրջ համախմբուեցան հայ կամաւորները, բարերարները, հոգեւորականներն ու ազգային ղեկավարները եւ Արցախի մեր պապենական հողին վրայ նորօրեայ Աւարայրի մահու եւ կենաց ճակատամարտէն Աստուծոյ կամքով յաղթական դուրս պիտի գանք:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Սրբազան Հայրը շեշտեց ըսելով. «Բերիոյ Հայոց Թեմի պատմական այս եկեղեցիէն անգամ մը եւս կ’ուխտենք պայքարիլ խաչով, հաւատքով, մշակոյթով, հայերէն լեզուով եւ գրականութեամբ՝ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներուն դէմ»:
Թարգմանչաց տօնին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի վերամուտ մաղթեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ուսանողներուն, որոնք այսօր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանէն հաղորդուելով Դպրեվանքի անդամ դարձան, պատրաստուելու որպէս հաւատարիմ ծառաներ Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Արցախի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն բարօրութեան համար: Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանին մէջ ծագած հրդեհները շուտով հանգին եւ Ամենազօր Աստուած իր հովանիին տակ ապահով եւ անվտանգ պահէ Սուրիական Հայրենիքը:
Խօսքի աւարտին Մասիս Եպիսկոպոս անդրադարձաւ Քահանայից Դասէն վախճանեալ Արժ. Տ. Տաճատ Ա. Քհնյ. Յակոբեանի քահանայական երկարամեայ ծառայութեան, նշելով, որ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ նշանակուած տարիներուն առիթ ունեցած է Քահանայ Հօր հետ Ճեզիրէի շրջանին մէջ ծառայելու, վկայելով, որ Քահանայ Հայրը իր ընտանիքին եւ զաւակներուն հետ Տերիքի մէջ հաւատարմօրէն իրեն վստահուած հոգեւոր-ազգային առաքելութիւնը կատարեց մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը:
Ապա, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան 33-րդ ամեակին առիթով, մաղթելով բարեյաջող ծառայութիւն:
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Քահանայից Դասէն Արժ. Տ. Տաճատ Ա. Քհնյ. Յակոբեանի վախճանման քառասունքին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ազգային Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը եւ վախճանեալ Քահանայ Հօր երէցկինը, զաւակները եւ ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները ընդունեցին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Մարինա Պօղիկեան