Թուրք-ատրպէյճանական ուժերուն յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի ուղղութեամբ չդադրեցաւ՝ հակառակ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կեանքի կոչուած զինադադարի համաձայնութեան։ Արցախի բանակը այդպէս ալ կը նախատեսէր։ Զոհերու մեծ թիւը, սակայն, պէտք է պարտադրէ յատկապէս տարածաշրջանի ուժերը կասեցնելու թրքական նկրտումները, որպէսզի ողջ Կովկասը չբռնկի։
Վերջին ամիսներու դէպի Նախիջեւան թրքական զինուորական ուժերուն շարժումները յստակօրէն ցոյց կու տային արդէն, որ Թուրքիան պիտի ուղղորդէ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ ուղղակի մասնակցութիւն ունենայ պատերազմին, որպէսզի ստիպէ Հայ ժողովուրդը հրաժարիլ սեփական իրաւունքներէն եւ հայաթափման քաղաքականութիւն վարէ՝ սպառնալով Արցախի եւ Հայաստանի անկախ պետութիւններուն։
Փաստօրէն Արաքսի հովիտին, Ճիպրայիլի մօտ տեղի կ’ունենան ամէնէն բուռն կռիւները այս օրերուն։ Այդ շրջաններուն մէջ առաւելաբար կը սաստկանան կռիւները։ Թշնամին չի խնայեր զէնք ու զինամթերք, ահաբեկչական խմբաւորումներն իսկ կը բերէ կը տեղադրէ այս սահմանին վրայ, որպէսզի զինուորական գործողութիւնները շարունակուին՝ ուղղուելով դէպի Մեղրի եւ ցամաքային կապ հաստատուի Նախիջեւանի եւ Պաքուի, այնուհետեւ նաեւ Թուրքիոյ միջեւ։
Ատրպէյճան քաջ գիտէր, որ պիտի չկարենար յաղթել հայոց բանակին ու հայ ժողովուրդի կամքին, անոր համար ալ դիմեց  Թուրքիոյ, անոր դիմաց ճամբայ հարթելով դէպի հարաւային կովկաս։
Հայոց բանակը նախորդ պատերազմներուն մարտական եւ որակական պատրաստուածութեամբ քանիցս ետ մղեց ատրպէյճանական գրոհները։ Այս անգամ, սակայն, ոչ միայն զինուորական, այլեւ քաղաքակրթական պատերազմ  կը մղէ առանձին։
Թրքական այս ոտնձգութիւնները պէտք է մտահոգեն Իրանն ու Ռուսիան, անկախ անոնց դիւանագիտական մօտեցումներէն։
Ռուսիան եթէ հանդուրժէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ներկայութիւնը, դանակը կրնայ հասնիլ ոսկորին, երբ ահաբեկիչներու աւելի մեծ խումբեր այս անգամ ուղղուիլ սկսին հիւսիսային Կովկաս, ու մանաւանդ միանալ փորձեն թրքացեղ հանրապետութիւններուն եւ պատուհասը դառնան Ռուսիոյ։
Այս տուեալներու լոյսին տակ էր, որ Արցախի նախագահը հակաահաբեկչական դաշինք ստեղծելու կոչ կ’ուղղէր, որպէսզի Արցախի ու Հայաստանի հետ տարածաշրջանային ուժեր փանթուրքիզմի ծրագիրը կասեցնելու գործնական քայլերու ձեռնարկեն։
Իրանը եւս վտանգուած է, որովհետեւ Նախիջեւան մուտք գործելով փանթուրքիզմը Իրանին համար եւս վտանգ պիտի դառնայ։
Հայ ժողովուրդը 1915-ի օրերը կ’ապրի, որովհետեւ կենաց մահու կռիւ կը մղէ։ Հայոց բանակին մարտերը վճռականութեամբ պիտի շարունակուին, անկախ դիւանագիտական հանդիպումներէն, որպէսզի  զերծ մնանք երկրորդ ցեղասպանութենէ մը։
Հայոց բանակն է որ փաստօրէն խաղաղութիւն պիտի պարտադրէ։ Անոր մարտունակութիւնն ու որակը անգամ մը եւս պիտի արձանագրեն մեր գոյութեան յաղթանակը։
Սարդարապատ ծնող ժողովուրդը պիտի չնահանջէ։ Եթէ մենք որոշած ենք դիմադրել, զէ՛նք ալ  պէտք է ապահովենք, դիւանագիտութի՛ւն ալ վարենք, որպէսզի ահազանգ հնչեցնենք ողջ Կովկասի մէջ՝  հարաւային թէ հիւսիսային։ Այլապէս ողջ տարածաշրջանը ահաբեկչութեան որջի պիտի վերածուի։
«Գ.»