Երկար տարիներէ ի վեր սառած վիճակի մէջ գտնուող արաբ-իսրայէլական հաշտեցման եւ բնական կապերու հաստատման գործընթացը անցեալ ամիս շատ աշխոյժ զարգացումներ արձանագրեց։
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհը վկան դարձաւ, թէ ինչպէ՛ս արաբական երկու երկիր, Ամերիկայի միջնորդութեամբ, նոյն սեղանի վրայ ստորագրեցին Իսրայէլի հետ հաշտեցման պայմանագիրը, խօսքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի Էմիրութեան մասին է։
Թրամփը հաստատակամօրէն յայտարարեց, որ տակաւին կան 4-5 երկիրներ, որոնք նոյնպէս պիտի ստորագրեն բնականոն կապեր հաստատելու պայմանգիր Իսրայէլի հետ։ Արաբական աշխարհի ծանր դերասանն ու ուժը Սէուտական Արաբիան իր ողջոյնի խօսքերը յղեց եւ օդային տարածքը բացաւ հրէական բեռնատար եւ մարդատար օդանաւերուն դիմաց։ Լիբանանը Իսրայէլի հետ շուտով պիտի ստորագրէ տարիներէ ի վեր ձգձգուող ծովային սահմաններու հաստատման համաձայնագիրը եւ իւրաքանչիւր երկիրի համար յստակ պիտի ըլլայ իր սահմանները եւ անոր ընդերքը գտնուող ուժանիւթի հանման եւ վաճառման ձեւերը, ինչ որ մեծ յաղթանակ է երկու երկիրներուն համար հաւասարապէս։
Սուտանը նոյնպէս քաջալերուած է այս մթնոլորտէն, ինչ որ կ’երեւի ան եւս շուտով կը ստորագրէ հաշտեցման պայմանագիրը։ Քուէյթի Էմիրութիւնը չի մերժեր, սակայն սպասման վիճակի մը մէջ կը գտնուի տեղի ունեցած նոր իշխանափոխութենէն ետք։ Օմանի Սուլթանութիւնն ալ շուտով պիտի միանայ ստորագրող երկիրներու ցուցակին։ Իսկ Սէուտական Արաբիան իր բոլոր ուժգնութեամբ եւ ծանրութեամբ պիտի մխրճուի այս գործընթացին մէջ, ինչ որ տարածաշրջանին համար իսկական նոր էջ պիտի բանայ եւ տնտեսական, քաղաքական եւ խաղաղութեան շատ մեծ կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ։
Թուրքիա այս բոլորը դիտելով շատ լաւ կը զգայ եւ կը վերլուծէ իր գլխուն սարքուող խաղը։ Անոր հզօր անդրադարձը մենք տեսանք Արցախի մէջ։ Թուրքիա իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի փորձէ վերականգնել իր վերջին խաղաքարտը՝ փանթուրքիզմի իր վաղեմի երազը։ Սակայն ապարդիւն։
Արեւմուտքն ու «միջազգային» կոչուած ընտանիքն ալ իրենց կողմը ճշդած են։
ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուի իր զօրքերն ու օդանաւերը դուրս բերել Թուրքիոյ «Ինճիրլիք» օդակայանէն, զանոնք տեղափոխելով Յունաստանի Կրէթէ կղզիի վրայ գտնուող նոր տարածքներ։ Պոլսոյ մէջ բնակութիւն հաստատող այլազգի, յատկապէս հրեայ ընտանիքներ իրենց ունեցուածքը ծախելով կը հեռանան Թուրքիոյ տարածքէն։
Արեւմտեան մամուլը միաբերան, խստիւ կը մեղադրէ Թուրքիան, որ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն Այնթէպի օդակայանի վրայով դէպի Արցախ տեղափոխած է եւ կը շարունակէ տեղափոխել զինեալ ծայրայեղ ահաբեկչական խումբեր։ Ան Թուրքիան կը համարէ «ահաբեկչութեան աջակցող» երկիր։ Մինչդեռ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ նկատմամբ նման գնահատականներ եւ արժեւորումներ չէինք լսեր ու կարդար ո՛չ արեւմտեան մամուլէն եւ ոչ ալ քաղաքական գործիչներէն։
Իսրայէլ Թուրքիոյ հետ հաստատած էր զինուորական եւ տնտեսական կապեր։ Այժմ արդէն Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ խստագոյնս պակսած է եւ հասած նուազագոյնի։ Սա Թուրքիան շատ արագ պիտի մղէ դէպի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային անկայուն վիճակի, որ պիտի յանգի Թուրքիոյ մէջ ակնկալելի արնագոյն քաղաքացիական բախումներու, յար եւ նման 1980-ի նախորդող տարիներուն։
Իսկ Ատրպէյճանի տկարացումով պիտի շահին բոլորը։ Ռուսաստանը, որ պիտի տնօրինէ կազամուղներու նոր ծրագիր եւ ուղիներ՝ շրջանցելով Թուրքիան։ Իրանը պիտի լուծէ իրեն համար խիստ կարեւոր ապահովական հարց մը, որ կը կոչուի «Հարաւային Ատրպէյճան», մէկընդմիշտ թաղելով Իրանի մէջ ապրող՝ մեծաթիւ ազերիներու անջատողական երազները։ Շահելու է Չինաստանը, քանի որ նուազեցնելով փանթուրքիզմի վտանգը՝ Չինաստանի մէջ ապրող թրքական մեծաթիւ ցեղեր պիտի կորսնցնեն իրենց հիմնական անջատողական կիրքերու մղիչ յենարանը՝ Էրտողանը եւ ֆաշիստ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը։ Ատրպէյճանի տապալումով թրքացեղ երկիրները իրարմէ աշխարհագրականօրէն պիտի հեռանան։ Անշուշտ այս բոլորէն մեծապէս շահելու են Հայաստանն ու սիրելի Արցախը։
Մենք միշտ յիշենք, որ յաջորդ տարի Թուրքիա եւ Ռուսաստան պիտի վերանային եւ պիտի վերարժեւորեն Մոսկուայի պայմանագիրին դրոյթներն ու կէտերը։ Իսկ այս պայմանագիրին նկատմամբ Ռուսաստանի դիրքորոշումը շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ մեզի՝ հայերուս համար։
Իսկ 2023-ին պիտի աւարտի Լօզանի պայմանագիրին 100-ամեակը եւ այս ժամկէտէն վերջ, մենք պիտի գործ ունենանք լրիւ ուրիշ չափի, ձեւի եւ դիւանագիտական ու ռազմավարական նուազ արժէքներ ունեցող եւ ներկայացնող Թուրքիոյ հետ։
21-րդ դարը բացառապէս պիտի ըլլայ հայկական դար։ Մենք պիտի լուծենք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերուն վրէժը։
Փա՜ռք մեր հայրենիքին, Արցախին եւ Սփիւռքին։ Փա՜ռք մեր խիզախ զինուորներուն եւ մեր սուրբ ու անպարտ, արիական բանակին։
Մենք «յաղթելու ենք»։
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան