Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի աւելի քան 100 անդամ պահանջած է դադրեցնել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի արարքը եւ կոչ ուղղած է պատժել Էրտողանի ու Ալիեւի վարչակարգերը ռազմական յանցագործութիւններուն համար:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն   Արամ Համբարեանի խօսքով` ԱՄՆ վարչակազմը պէտք է ականջալուր ըլլայ ինչպէս իր յատուկ ծառայութիւններուն, որոնք շատ լաւ գիտեն, որ Ատրպէյճանը նախաձեռնած է այդ յարձակումը, նաեւ Քոնկրէսի կոչերուն, որ կը պահանջէ երկկուսակցական հիմքով պատժամիջոցներ սահմանել Էրտողանի ու Ալիեւի վարչակարգերուն դէմ:
Համբարեանի խօսքով` ԱՄՆ-ի անգործութիւնը արդէն շատ անմեղ կեանքեր արժած է: