«Արմէնփրէս».-Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Պաշտպանութեան բանակի մարտական կառավարման կեդրոն եւ բարձրաստիճան հրամանակազմին ներկայութեամբ նախարար Ճալալ Յարութիւնեանին յանձնած է զօրապետ-լեյթենանտի զինուորական ուսադիրները:
«Ճալալ Յարութիւնեան արժանացած է այս կոչման վերջին 19 օրուան պատերազմական գործողութիւնները փայլուն կերպով ղեկավարելուն համար», ըսած է Յարութիւնեան:
Արցախի նախագահը յայտնած է նաեւ, որ պատերազմը, անշուշտ, չէ աւարտած, բայց մարտունակութեան, արհեստավարժութեան, վճռականութեան եւ հայրենասիրութեան այն բարձր մակարդակը, որ ունի Պաշտպանութեան բանակը, վստահութիւն եւ ոգեւորութիւն կը ներշնչէ: