«Արմէնփրէս».- Հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետի տեղակալ-շտապի պետ Գարիկ Մովսէսեան յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերը Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու 18 օրուան ընթացքին խոցած են հակառակորդի աւելի քան 180 օդային յարձակման միջոց:
«18 օրուան մարտական գործողութիւններուհետեւանքով մեր կողմէն խոցուած է հակառակորդի աւելի քան 180 օդային յարձակման միջոց, հաստատուած տուեալներով, 15 ինքնաթիռ, 8 ուղղաթիռ եւ տարբեր բնոյթի ԱԹՍ-ներ», ըսաւ Մովսէսեան:
Գնդապետ Մովսէսեան աւելցուց, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկուած են, որպէսզի ՀՈՊ-ը ըլլայ ինքնաբաւ, կարենայ կատարել օդային սահմաններու պաշտպանութեան եւ պահպանութեան մարտական հարցերը: