Դպրոցի վերամուտը, իր կենսուրախ մթնոլորտով, յատուկ տեղ ունի իւրաքանչիւր աշակերտի յուշերուն մէջ: Դժբախտաբար այս տարուան վերամուտին բացակայեցաւ զուարճութիւնը:

Յիշողութեամբս կը դառնամ դպրոցական վերամուտի օրերուս: Աշակերտներս խումբ-խումբ կը խուժենք «Ֆարհաթ» հրապարակ, անցնելով Ճըտետիէ թաղէն, հասնելով մեր շա՛տ սիրելի Հայկազեան (աղջկանց բաժին) վարժարան: Ամառնային երկար արձակուրդէն ետք կը միանայինք մեր կարօտցած ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն: Եւ այդ կարօտը կը յագենար միայն ջերմ եւ ամուր փաթուկով եւ պաչիկներով: Վա՜յ, այսօրուան խեղճերս ինչպէ՞ս կշտանային իրարմէ առանց ողջագուրման: Համաճարակը մեզմէ խլեց ամենապարզ ու քնքուշ մարդկային վերաբերմունքներէն մէկը, որուն շնորհիւ մարդ կը սփոփուի իր սիրածներով:
Աւելի ուշ, Ճեմարանի օրերուս այդ ընդարձակ խճողուած փակին մէջ դասընկերներս գտնելը լուրջ մարտահրաւէր էր, նախօրօք այդտեղ ժամադրավայր մը որոշած չըլլալու պարագային: Խճողո՞ւմ…: Այսօրուան մարտահրաւէրը նման խճողուած տեղ որոնելն է պարզապէս: Գիտէք, պէտք է միշտ զգուշ ըլլանք, թագավարակը ամէնուրեք կարծէք ոգի մըն է, որ կը շրջի մարդոց մէջ, սատանայական արարքներ գործելու նպատակով, իսկ թէ որքանո՞վ կը յաջողի, այդ մեր գիտակցութենէն ու համաճարակի կանխարգիլման քայլերէն կախեալ է:
Զանգը կը հնչէ, օ՜հ, որքա՜ն կարօտցած ենք իր ձայնը, կ’աճապարենք անցնելու մեր շարքերը: Առաւօտեան «Առաւօտ լուսոյ»ով կ’օրհնուի մեր օրը: Տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք կ’անցնինք մեր նոր դասարանները: Աչք մը կը նետենք անցնող տարուան մեր դասարանին, նայելով թէ ո՞վ նստած է մեր գրասեղանին ետեւ:
Ուսումնական տարեշրջանը առողջ եւ ապահով աւարտելը մեծ բախտաւորութիւն է ներկայ պայմաններուն մէջ: Իսկ հայկական դպրոցները պետութեան ուսումնական ծրագիրը ամբողջացնելու կողքին ունին հիմնական առաքելութիւն՝ ազգային, հայեցի դաստիարակութեամբ  նորահաս հայ սերունդներ պատրաստել: Յոյսով ենք, որ մեր վարժարանները այս ընթացքը կը շարունակեն առանց խանգարիչ երեւոյթներու յայտնաբերման։
Իրապէ՛ս որ հարստութեան մը արժէքը զայն կորսնցնելէն ետք կը զգանք: Ո՛չ առցանց, ո՛չ տնային եւ ո՛չ այլ միջոց դպրոցական աւանդական դասաւանդութեան տեղը կը գրաւէ: Ոչի՛նչ կը փոխարինէ դպրոցի մթնոլորտը, ամպիոնին վրայ կանգնած ուսուցիչին դասի բացատրութիւնը, անոր շեշտաւոր ձայնը, դասընկերներու հետ զբօսանքի չարութիւնը…: Այո՛, երբ ստիպուինք պիտի դիմենք հնարքի՝ շարունակելու համար դասաւանդութիւնը, սակայն այդ հնարքներն անգամ որքանո՞վ կ’արդիւնաւորուին, արդեօ՞ք սոսկ պարտականութեան ու ձեւականութեան  համար չեն օգտագործուիր…:
Պատերազմի տարիներու դժուարութիւններէն կը տարբերին համաճարակին յառաջացուցած վերապահութիւնները, սակայն նոյնպէս վտանգ կը խոստանան: Նախկին վերամուտէն ցայսօր համաճարակը մեզմէ սիրելիներ խլեց ու տակաւին կը շարունակէ խլել: Հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Յուշիկ Ղազարեանի գործընկերներն ու աշակերտները ինչպէ՞ս պատկերացնեն դպրոցն ու հայերէնի դասաւանդութիւնը առանց աննման ու հոգատար օրիորդին, որ անակնկալօրէն զոհը դարձաւ անիծեալ ժահրին:
Դպրոցներու տնօրէնութիւններն ու հոգաբարձութիւնները ամէն ջանք կը թափեն զանազան միջոցներով ապահով ու առողջ միջավայր ստեղծելու աշակերտներուն համար, այս յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ ծնողներու աջակցութեամբ:
Սիրելինե՛ր, հաւաքական գործակցութիւն եւ գիտակցութիւն կը պահանջէ նման տագնապէ ամենաքիչ վնասներով դուրս գալը: Բոլորս հետեւինք թագավարակի կանխարգիլման միջոցներուն, որպէսզի դպրոցի վերամուտն ու ուսումնական տարեշրջանը չըլլան ժահրի զօրաւոր ալիքի վերադարձին պատճառը:
Ես ալ տարբեր վերամուտ մը կը վայելեմ շնորհիւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի աշակերտուհի ըլլալուս։ Կրնա՞ք երեւակայել հպարտութեան, միեւնոյն ժամանակ պատասխանատուութեան զգացումը, որմով կը լեցուինք այս հիմնարկին մաս կազմելով։ Կարծես կը զինուորագրուիս 4 տարի՝ ծառայելու համար ողջ կեանքիդ ընթացքին։ Զինուոր որ կ’ըսեմ չկարծէք ճակատամարտ երթալու համար միայն: Ներկայիս զանազան մարզերու մէջ մարտեր հաւանական է մղել, իսկ քու դաշտը ո՞րն է, ատիկա դուն կ’որոշես։ Ծնողքին, դպրոցին ու ակումբին ցանած ազգային արժէքներու սերմերը տարբեր ջուրով ու սնունդով կ’աճին այստեղ։ Իւրաքանչիւր դասատու ներշնչարան մը, իւրաքանչիւրը օրինակ ու իտէալ ոչ միայն իր աշակերտներուն, այլ համայն գաղութին ու հայկական աշխարհին։
Հայագիտական հիմնարկը պատերազմի դժուար օրերուն իսկ չփակեց իր դռները։ Ինք եւս տեղահանութեան ճամբան բռնեց, փոխադրուելով իր կեդրոնէն՝ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն, նախ դէպի Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարան, ապա Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տուն, ապա «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, որոնք ապաւէն եղան այս մեծ ընտանիքին։ Վերջապէս Համազգայինի նոր կեդրոնի նորոգութեամբ հիմնարկը հաստատուեցաւ Զաւարեան, վայելելու իր նոր կահաւորուած, հանգստաւէտ դասարանները։ Թագավարակի շրջանին իսկ հիմնարկի վարչութիւնն ու տնօրէնութիւնը ամէն կարելիութիւն ի սպաս դնելով ձեռնարկեցին առցանց դասաւանդութեան:
Այս շաբաթ հայագիտականի դարբնոցը վերստին բացաւ իր դռները, դիմաւորելով հայրենասէր ու գրասէր նոր ուսանողներ: Թէեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին անդամագրուելու մղումն ու նպատակը տարբեր կը թուի, բայց կը ծառայէ նոյն հիմնական նպատակին: Իսկ ան որ կ’ըսէ, թէ Հալէպ մարդուժ չմնաց, ահաւասիկ,  եկէ՛ք, տեսէ՛ք, թէ այստեղ ինչպէ՞ս կը զինուինք եւ կը զինենք սերունդներ հայերէնասիրութեամբ:
Հայերէնը ու մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնը մեր հոգատարութեան ու խնամքին կարիքը ունին: Այս հրաշք դղեակը իր զինուորներով ուժեղ ու պաշտպանուած է այլասերման ու համաշխարհայնացման ալիքներէն: Այս ժամանակուան մարտահրաւէրները մեզմէ առ աւելի պատասխանատու կեցուածք կը պահանջեն:
Սիրելինե՛ր, մեր բանակը որքան զօրաւոր ըլլայ, այնքան անպարտելի կը դառնանք: Յոյսով ենք, որ մեր այս բանակին թիւը կ’աւելնայ տարուէ տարի: Իսկ մենք իբրեւ հաւատարիմ զինուորները հայերէնին, պիտի մնանք տէրը մեր անառիկ արքունիքին:
Սեւանայ Հալլաճեան