Սահմանին կեցած է, խրամատին մէջ։ Ետին, ամէն ինչ թանկ է եւ ինք՝ անոնց մատաղ։ Դիմացը՝ մարտի դաշտն է, բեմն իր դիւցազնութեան։ Կողքին, երկու կողմերէն, իրեն պէս երիտասարդներ կեցած են, նշան առած ու դիրք բռնած՝ բաց աչքով կը հսկեն հայրենիքի սահմանները։
Զինուորական բաճկոնն առած է իր վրայ, ու հրացանը ձեռքին՝ անոր կրակի տունը մահացու գնդակով լեցուն։
Չաւուշ մըն է։ Անոր կուրծքին փամփշտակալի փոխարէն սանրներ է շարած, ուսին՝ մոսինի փոխարէն արագահարուած կրած։ Չաւուշն արեւելքէն՝ ինք արեւմուտքէն, երկուքն ալ նո՛յն նպատակին համար, դարաւոր նո՛յն թշնամիին դէմ, Չաւուշն անցեալէն՝ ինք ներկայէն։

Խուլ ու անկայուն խաղաղութիւն մը կը տիրէր սահմանին վրայ, բայց վայրկեաններ առաջ այդպէս ալ չէր։

***

Հոս ու հոն երիտասարդներէ կանչեր ու երգեր կը լսուէին։ Երեխաներ, իրենց ձեռքին դրօշներ բռնած, վազվզուքով կ’երթեւեկէին տարածքին մէջ, անգիտակցելով պատահածի իրողութեան։

Երկու օր առաջ էր…

Ծնողքը հրաժեշտ տուաւ անոր։ Մայրը թաց աչքերով, բաց ճակատով եւ արդար հպարտութեամբ ճամբեց իր տղան։ Հայրը՝ գիտնալով արժէքը ամենաթանկին, համոզուած, ռազմի ճակատ ղրկեց իր թանկագինը։ Քոյրերը գիրկընդխառն ողջագուրուեցան, ու եղբայրը թափ տալով անոր ուսին, ժպիտը դէմքին՝ ապահով վերադարձ մաղթեց անոր։
Բոլորը հպարտ էին իրմով, ինչպէս հպարտ էր այնտեղ գտնուող ամբողջ ժողովուրդը իրեն պէս տղոցմով։

Աչքի առած ամէն ինչ, բարձրացաւ բերնէ-բերան լեցուած հանրակառքը ու գրաւեց անոր վերջին ազատ աթոռը։ Հառաչանք մը տուաւ։
Մէյ մը առաստաղին նայեցաւ, մէյ մը պատուհանէն դուրս ու մէյ մը ստուգեց հանրակառքին մէջ եղողներուն դէմքերը մէկ առ մէկ։ Ծանօթներ չկային։
Մինակ էր, բայց միակը չէր։
Կապած վզի շղթան հանեց վիզէն, ձեռքը երկարեց ու գրպանէն դուրս հանեց լուսանկար մը։ Երկար ժամանակ նայեցաւ պատկերին մէջ երեւցող զոյգին։ Նկարին միջոցաւ ժապաւէնի նման յաջորդաբար դէպքեր, օրեր ու պահեր կը յիշէր անցեալէն։ Մէյ մը կը ժպտէր, ու մէյ մը կը ցաւէր։ Հիմա, որ անցեալ դարձած են այդ բոլորը, արժէքն անոնց պարզուեցաւ։
Սիրոյ զգացումը երբեք չէր շիջած անոր մէջ, բայց անհամաձայնութիւններ միշտ ալ տեղի կ’ունենան։ Ո՞ւշ էր արդեօք այդ բոլորը հիմա, ասկէ ետք կարգի բերելու։
Ո՛չ, մարտնչումէն ու պատերազմէն ետք պիտի վերադառնայ ու վերարժեւորէ իր ունեցածը, առաջնահերթութիւններու փոփոխութիւններ անպայման տեղի պիտի ունենան, բայց այդ բոլորը պէտք է հիմա մէկ դի դնել ու կեդրոնանալ մէկ նպատակի, հիմնական նպատակին՝ ազատ ու պատուով ապրելու իրաւունքին վրայ։

Անծանօթ ձայնէ մը ծանօթ անուն մը լսեց. իր անունն էր։ Կարծեց թէ խաբկանք է ու սպասեց երկրորդ կանչին, որ չուշացաւ։
Հրամանատարներէն մէկն էր կանչողը։ Վերջինը փոխանցեց, որ մէկը կայ կ’ուզէ զինք տեսնել եւ ուղղութիւն մը մատնանշելով որոշեց իր երթալիք տեղը։
Տեսաւ։
Ո՛չ այցելուն սովորական մէկն էր, ոչ ալ պահը։
Լեզուն ծանրացաւ, մարմինը թեթեւցաւ, քայլերը արագցան ու երկուքը մէկ վազելով՝ ամուր փաթթուեցան։
Այցելուին տամուկ ու խոնաւ աչքերը հիմա արդէն գետի նման իր այտերը կ’որոգէին։
Այցելուն հեկեկանքը դադրեցուց եւ արցունքները սրբելով կոկուեցաւ ու երիտասարդին աչքերուն նայելով ուղղեց անոր իր խօսքը. «Վստահ էի, որ պիտի կամաւորագրուիս։ Պատերազմի յայտարարութիւնը լսելուս պէս, վայրկեաններ անց արդէն կամաւորագրուելուդ լուրը առի։ Հպարտ եմ քեզմով, գնա՛ ճակատ, կռուէ՛ հերոսի պէս ու պաշտպանէ՛ պատիւդ, ու ես այստեղ վերադարձիդ անհամբեր կը սպասեմ։ Ես քեզ միշտ կը սիրեմ։ Երբեք կասկած չունենաս այդ մասին»։
Հրամանատարը հեռուէն կը կանչէր, մեկնելու ժամանակն էր։
Զոյգը անգամ մը եւս ու աւելի ուժգին գիրկընդխառնուեցաւ, եւ անգամ մը եւս նայուածքներ խլեցին իրարմէ, այդ պահուն էր, որ այցելուն երիտասարդին ձեռքը առաւ ու ափին մէջ սեղմեց մետաղի կտոր մը, եւ էգն ու արուն բաժնուեցան իրարմէ։
Ուրախութենէն՝ երիտասարդը ցատկռտելով վազեց դէպի հանրակառք ու նստաւ իր տեղը։
Ձեռքը բացաւ։ Տակաւին չէր գիտեր ափին մէջ դրուած մետաղին ինչ ըլլալը։
Յաւերժութեան նշանն էր, իր նոր վզնոցը…

Հնամենի հանրակառքը կոշտ ու կոպիտ ձայներ հանելէ ետք աշխատեցաւ ու հաւաքուած բազմութիւնը «հուռա»ներով ու ձեռքերով հրաժեշտ տուաւ նորօրեայ հերոսներուն։
Նայեցաւ պատուհանէն դուրս, այցելուն իր ծնողքին քով կեցած էր ու բոլորը մէկ ժպտելով, իրենց ձեռքերը օդին մէջ շարժելով ճամբեցին երիտասարդը։
Այցելուն երիտասարդին գրպանի լուսանկարին երկրորդ կէսը գրաւողն էր։
Այցելուն երիտասարդին սիրտը գրաւողն էր։
Ու երիտասարդն այդ պահէն հերոսացաւ։
Ազգ մը ամբողջ հերոսացաւ այդ պահէն։
Այդ պահէ՞ն, թէ հերոս էր ծնած արդէն իսկ…

***

«Ախպերը՜ս»
Սթափեցաւ զինակիցին կանչը լսելով, «մտահո՞գ ես, ինչ որ բա՞ն ես մտածում», երիտասարդը հանգստացուց իր զինակիցը, որ ամէն ինչ կարգին է ու լաւ կ’ընթանայ։
Ժամը ստուգեց։ Հերթափոխութեան տակաւին ժամանակ կար։ Երկու օր է արդէն չէ քնացած, եւ հիմա ծանրութիւն մը կայ իր կոպերուն վրայ։
Աչքերը ճմլեց, շփեց եւ նայեցաւ հեռուն։

Թէ որոնք էին հիմա իր դիմաց, լսած էր իր նախնիներէն, ընկերներէն, բարեկամներէն։ Տեսած էր նոյնիսկ իր աչքով, լսած՝ իր ականջով անմիջականօրէն։
Տարուէ տարի հասակ առած է հայրենիքի ջուրով, հայրենի երգով, մայրենի լեզուով ու ազգային մշակոյթով։ Այդ բոլորը կազմեր են իր անձնաւորութիւնը, եւ հիմա իր մտապաշարը այդ բոլորով հարուստ եւ ինք զինուած սահմանին վրայ՝ քաջ կը գիտակցի պահու լրջութեան եւ իր կրած մեծ պատասխանատուութեան։
Ուստի ականջները կը սրէ եւ ուշադրութիւնը կը լարէ։
«Կրա՜կ»
կը լսուի քիչ մը հեռուէն, կանչ տուողը կէսօրին ծանօթացած իր բարեկամն էր, որ թշնամիի զրահապատ մեքենայի մը վրայ կրակելու հրամանը կու տար։ Թնդանօթը գոռաց ու երկվայրկեաններ անց հեռուն մուխ մը բարձրացաւ։
– Շան լակոտներ,– մրթմրթաց քթին տակէն,– հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հողին տէրերուն հե՞տ կը չափուիք։

Տղոց դիրքերուն վրայ կրակոցներ սկսան տեղի ունենալ։ Փամփուշտն հասած տեղը փոշին օդը կը հանէր, քարեր կ’իյնային ու կը թռէին։
Խրամատի պահապաններն ալ անպատասխան չմնացին։ Իրենք եւս կրակ բացին ու սկսան հակադարձել թշնամիին։
Երիտասարդ զինուորը վարպետ նշանառու էր, բայց մութին մէջ ու հեռաւորութեան վրայ իր գործը կը դժուարանար։ Բուռն ու կարճատեւ կռիւներ տեղի ունենալէ ետք հակամարտութիւնները դադրեցան ու բոլորը վերադարձան իրենց նախկին դիրքերը։ Թշնամիին զրահամեքենան խոցուած էր, հաւանաբար անոր հետ ձգելով քանի մը զոհեր։ Տղոց կողմը մարդկային վնասներ չկային։
Այդ գիշեր դիրքին վրայ այդ հակամարտութիւնը վերջինը եղաւ։
Եւ երիտասարդ զինուորը յաջողեցաւ միայն ժամանակէն քանի մը ժամ քուն խլել։

Նկարը՝ Մաքս Սիվալեան

Քրիստ Խրոյեան
(Շարունակելի)