“Արմէնփրէս”._Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Մաթէօ Ֆորթէն դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Իտալիոյ Միլան քաղաքի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտած է Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի արարքը։ Քաղաքային խորհուրդին մէջ Արցախի անկախութեան ճանաչման հրատապ միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Միջնորդութեամբ քաղաքային խորհուրդը յանձնարարած է Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն՝ խնդրել Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: «Ճանաչումը կրնայ հանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ դնել լռութեան, որ կը դառնայ յшնցшգnրծnւթեшն մեղuшկցnւթիւն», ըսուած է քաղաքային խորհուրդի որոշման մէջ: