Խորհրդարանի յարգելի նախագահ,
Յարգելի երեսփոխաններ,
Աւելի քան 10 օրէ ի վեր Արցախի Հանրապետութիւնը թշնամական գրոհի կ’ենթարկուի Ատրպէճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ, իսրայէլեան զինուորական աջակցութեամբ:
Արցախ օրական կ’ենթարկուի ե՛ւ օդային, ե՛ւ ցամաքային յարձակումներու: Թշնամին կ’օգտագործէ արդիական հրթիռներ, անօդաչու հազարաւոր սարքեր: Պատերազմը օրէ օր կը սաստկանայ, հակառակ որ բազմաթիւ պետութիւններ կոչ կ’ուղղեն զինադադար հաստատելու, ներառեալ գերպետութիւնները, որոնք կը շեշտեն զինադադարի գործադրման եւ հարցը բանակցութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը։ Միայն թուրանական Թուրքիան դէմ կը գործէ զինադադարին։ Այն Թուրքիան, որ պատերազմ սանձազերծած է տարածաշրջանի բազմաթիւ ինքնիշխան պետութիւններու եւ ժողովուրդներու դէմ, յատկապէս Հայ ժողովուրդին, որուն ցեղասպանութեան ենթարկեց 1915-ին ՝ 1,5 միլիոն հայ սպանդի ենթարկելով, հայ ժողովուրդը տեղահանելով իր պատմական հայրենիքէն ու գրաւելով իր հողերն ու ունեցուածքը։ Փաստօրէն Թուրքիոյ որդեգրած ահաբեկչական քաղաքականութիւնը չի տարբերիր անցեալի իր քաղաքականութենէն:
Միջազգային առումով Թուրքիա կը փորձէ ինքզինք պարտադրել որպէս զինուորական եւ քաղաքական ուժ: Ան պատերազմեր կը հրահրէ, ետքը կողմերուն միջեւ միջնորդի դեր խաղալու կեղծիքը ցոյց տալու համար: Ապա մասնակցութիւն կը բերէ նոյն իր ստեղծած տագնապներուն շուրջ բանակցութիւններու եւ խորհրդաժղովներու։ Այսպէս էր իր վարքագիծը Սուրիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի, Յունաստանի, Կիպրոսի մէջ, այդպէս է այսօր Արցախի մէջ նաեւ:
Թուրքիան Սուրիայէն իրեն ենթակայ աւելի քան 4500 զինեալ ահաբեկիչներ փոխադրեց Ատրպէճան, որպէսզի ազերի բանակին կողքին հայերուն դէմ պատերազմին օգտագործէ զիրենք, միւս կողմէ իրեն շահերուն ծառայող լրատուամիջոցները մղեց շրջանառութեան մէջ դնելու այն տեղեկութիւնը, որ իբրեւ թէ սուրիացիներ կը մասնակցին հայերուն դէմ պատերազմին:
Այս առիթով, չերկարելու համար խօսքս, կը պահանջեմ հետեւեալը․
-Խստիւ դատապարտել թրքական գրոհը եւ տարածաշրջանի տարբեր երկիրներու անվտանգութեան խախտման միտող իր քաղաքականութիւնը։
-Խստիւ դատապարտել Թուրքիան, Ատրպէճանը եւ անոնց զօրավիգ հանդիսացող Իսրայէլը, պատերազմ վերսկսելնուն, խաղաղ բնակչութիւնը, հիւանդանոցներն ու եկեղեցիները թիրախ դարձնելնուն եւ Արցախի բնիկ ժողովուրդը տեղահանութեան մղելնուն համար:
-Ուղղել ներքին եւ արտաքին մեր լրատուամիջոցները, որ սուրիայէն ահաբեկիչներու Արցախի մէջ հայ ժողովուրդին դէմ պատերազմելուն շուրջ տեղեկութիւնները փոխանցեն զուգահեռաբար այն իրողութեան, որ նոյն այս ահաբեկիչները նախքան հայ ժողովուրդին դէմ պատերազմի մասնակցիլը, պատերազմ մղեցին Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ ու սարսափելի ոճիրներ գործեցին սուրիացիներուն դէմ:
-Մեր յառաջիկայ օրակարգերուն մէջ նկատի առնել Արցախի անկախ Հանրապետութեան ճանաչումը:
Այսօր, հայկական բանակին պաշտպանողական մարտերը կը յիշեցնեն Հոկտեմբերեան զոյգ պատերազմերու հերոս ղեկավար, հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի հետեւեալ խօսքը. «Մենք քանդելու, սպանելու բուռն փափաք չունինք, սակայն կարելիութիւն ունինք ետ մղելու քանդիչ ու սպանիչ ուժերը: Յարձակող կողմ չենք եղած, սակայն, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մեր սեփական ուժերով կը դիմադրենք մեր վրայ յարձակողները: Մենք ոչ ոքի մահը կը ցանկանք, սակայն մեր ժողովուրդը մահէն փրկելու համար հերոսներու ծնունդ կու տանք: Մենք ազատութիւնը կը պաշտենք եւ ազատութիւնը կը ցանկանք մեր ժողովուրդին եւ բոլոր ժողովուրդներուն»:
Օրեր առաջ հոկտեմբերեան պատերազմին յաղթանակը տօնեցինք։ Այս առիթով կ’ողջունեմ սուրիական բանակին հերոս մարտիկները եւ անոնց քաջ ղեկավար, նախագահ Պաշշար ալ Ասատը։ Յարգանք Հոկտեմբերի յաղթանակը կերտող, անմահ ղեկավար նախագահ Հաֆէզ ալ Ասատի անմեռ յիշատակին: